2011-11-01 12:51:10

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Նոյեմբեր Ամսուայ մէջ Գլխաւորած Արարողութիւնները


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապտը նոյեմբեր ամսոյն ընթացքին պիտի գլխաւորէ զանազան արարողութիւններ որոնց մէջ նշենք նոյեմբեր 2ի երեկոյեան ժամը 18ին Վատիկանի Գետնադամբանի մէջ ննջեցեալ քահանայապետներու յիշատակին նախագահած հոգեհագստեան արարողութիւնը։ Ապա 3 նոյեմբերին առաւօտեան ժամը 11.30 Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ 2011 տարուայ ընթացքին մահացած Կարտինալեներու եւ եպիսկոպոսներու հոգւոյն։
Ուրբաթ 4 նոյեմբեր 2011 սկիզբ կ՛արնէ Քահանայապետական Համալսարաններու Ակատեմական տարեշրջանի գործունէութիւնները այս առթիւ յետմիջօրէի ժամը 17.30 Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութեամ։
Հուսկ 18-20 նոյեմբեր սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Ափրիկեան ցամաքամաս Պենէն` պաշտօնապէս յանձնելու Ափրիկէի Եպիսկոպոսաց Սիւնոդոսին Առաքելական Յորդորագիրը, որ տեղի ունեցած էր Վատիկան հոկտեմբեր 2009-ին։ Իր առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին , Նորին Սրբութիւնը պիտի տօնախմբէ այս երկրի Աւետարանութեան 150-ամեակը եւ միաժամանակ պիտի մեծարէ յիշատակը կարտինալ Պերնարտան Կանթէնի-ն` երբեմնի կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին որ իր մահկանացուն կնքած է 2008ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.