2011-11-01 12:52:12

Պենետիկտոս ԺԶ Կը Մատնանշէ Քրիտոնէականի Դասաւանդումին Կարեւորութեան Պրազիլի Կառավարական Դպրոցներուն Մէջ


Անցեալ 31 հոկտեմբերին, ընդունելով Պրազիլի նոր դեսպանի Ալմիր ֆրանքօ տէ սա Պարպուտանի հաւատարմագրերը, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշած է կարեւորութիւնը քրիստոնէականի դասաւանդման կառավարական դպրոցներուն մէջ , հաստատելով որ դաստիարակութիւնը չի ընդգրկեր միայն <<գիտութեան>> ասպարէզը, այլ մարդու ամբողջ էութիւնը , սկսելով՝ ընկերային իրողութենէն մինչեւ վերանցականը։ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ ապա մատնանշեց Պրազիլի ու Սուրբ Աթոռի միջեւ 2008-ին ստորագրուած հաձայնագիրի մասին ու առիթէն օգտուելով շնորհակալութիւն յայտնեց Պրազիլի կառավարութեան որ ընդունած է յառաջիկայ 2013-ին ԺՄԺ երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքը հիւրնկալել Րիո Տէ Ժանէյրոյի մէջ։
Նշենք որ Պրազիլը աշխարհի ամենամեծ կաթողիկէ երկիրն է, ինչպէս նաեւ անոր եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եպիսկոպոսներու թիւը ամէնէն բարձրն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.