2011-11-01 09:16:15

Հէրի Որբերեան Շուշիի Մէջ Արուեստի Փառատօն Կը Կազմակերպէ։


Արուեստագէտ նկարիչ Հէրի Որբերեան Արցախ մեկնած է՝ յատուկ առաքելութեամբ: «Շուշի Արթ փրոճէքթ» անունով ոչ -շահութաբեր միութեան հիմնադիր-ղեկավար Որբերեան, նախաձեռնած է Շուշիի մէջ «Հողը եւ Արհեստագիտութիւնը» խորագրով Փառատօնի մը կազմակերպման աշխատանքներուն:
Հէրի Որբերեանը արմատներով Արեւմտեան Հայաստանէն է, Ցեղասպանութեան հետեւանքով անոր նախնիները յայտնուած են Պէյրութի մէջ։ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն , ապա անոնք տեղափոխուած են Միացեալ Նահանգներ: Հէրիի մեծ մայրը ԱՄՆ-ու վաստակաւոր արուետագէտ էր: Ինչպէս կը պատմէ անոր թոռնիկը՝ օր մը երբ զինք հրաւիրած էին պարգեւատրելու, անոր պատուոգիր յանձնած է նոյնինքն ՝ Հիլարի Քլինթոնը: Քլինթըն , երբ Հէրիի մեծ մօրը կը յանձնէր պատուոգիրը, Հէրիի մեծ մայրը անոր ականջին բան մը փսփսած է եւ Հիլարին գրկած է զինք: Յետագային, երբ փորձեցին հարցնել մեծ մօրը , թէ ինչ մրմնջած էր, ան ըսած է որ Հիլարիի ականջին փսփսացի ըսելով ՝ «Նակորնի Ղարաբաղի հարցով հետաքրքրուեցէք»:
Հէրի Որբերեանի խօսքերով՝ Արցախը Հայաստան է, եւ ան իւրաքանչիւր հայի հոգիի եւ սրտի մէջ է:
Որբերեանի Ծրագիրը, որ պիտի իրականացուի Շուշիի մէջ, պիտի կրէ «Շուշիի Արուեստը» խորագիրը: Ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներու փուլին մէջ կը գտնուիի Ծրագիրը : Ցուցահանդէսը հաւանաբար կը կայանայ 2012 թուականի Հոկտեմբերին, կամ թէ 2013 թուականի գարնանը:
Ծրագրիրը նաեւ նպատակ ունի օտարները ներգրաւելու եւ զիրենք բերելու Արցախ:








All the contents on this site are copyrighted ©.