2011-11-01 12:51:17

Հայր ֆետերիքօ Լոմպատրիի Շաբաթական Խմբագրականը
Վերսկսիլ Ասսիզիէն


՜՜Միասին ուխտագնացութիւն՝՝. Շոգեկառքի մէջ, հանրակառքի մէջ, սեղանատան մէջ եւ խորհրդածութեան ընթացքին։ Առանց ծիսական զգեստներու Սրբազան Քահանայապետը` միւսներու հետ միասին։
Անգամ մը եւս ունկնդրենք երջանկայիշատակ ՅՊԲ -ի Ասսիզիէն ուղղած պատագմը աշխարհի այլ կրօնապետերու հետ միասին։ Կարելի չէ ատել ու սպաննել Աստուծոյ անունով, որովհետեւ Անոր իսկական անունը, անոր հայրական ողորմութիւնն է հանդէպ մարդկութեան, Սէրն է։
Սակայն հին ու նոր պատճառներու բերումով խաղաղութիւն չգտնող մարդկութեան Ասսիզիի ուխտաւորները, այս անգամ ուղղեցին խոնարհ հլու բայց յստակ պատգամներ։ Խաղաղութիւնը պէտք է հետապնդուի, այն բոլոր ճշմարտութիւնը փնտռող անձերու կողմէ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Աստուած սեփականութիւն մը չէ միայն հաւատացեալներուն համար, որոնք շատ անգամ աւաղ Աստուծոյ իսկական դէմքը չեն ցոլացներ։ Այդ իսկական Աստուածը չի կրնար ահաբեկիչներուն աղերսանքին առարկայ ըլլալ։
Սուրբ ֆրանչէսկոսի խարիզմը` որ կը տեսնէ ու կը լսէ Աստուծոյ ներկայութիւնը ամէն արարածներուն մէջ , կը շարունակէ հրապուրել ու քաշել դէպի Ասսիզի, մտքով ու սրտով բաց բոլոր մարդիկը եւ կ՛օժանդակէ համախմբելու զանազան ինքնութիւնները միեւնոյն երկխօսութեան, եղբայրութեան եւ ուրախութեան ճանապարհի վրայ։

Ասսիզիի մէջ մեր այս Հանդիպումը, մեր զանազանութիւններով հանդերձ, - ըսաւ անհաւատ Ժուլիա Քրիսէեվան - վկայութիւն մըն է թէ՝ քանդելու ենթադրութիւնը միակ կարելիութիւնը չէ։ Շիտակ իրողութիւն մը որով ոչ թէ քանդումը, այլ՝ խաղաղութիւնն է միակ կարելիութիւնը։ Ու ասիկա պարզ ենթադրութիւն մը չէ, այլ՝ միասնական յանձնառում մը, մեկնակէտ ունենալով դարձեալ Ասիզիի սրբատեղին։








All the contents on this site are copyrighted ©.