2011-11-01 12:53:56

Լիբանանահայ Գաղութի Անունը Դարձեալ Փայլեցաւ։


«Արեւներ» մանկապատանեկան երգի մրցում-փառատօնին ընթացքին աւարտական հանգրուանի հասած էր Շաղիկ Գէորգեանի «Իմ շնիկը» հեղինակային երգը: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երկու հանգրուանով, աւարտեցաւ կիրակի, 30 հոկտեմբերին եւ Շաղիկի երգը ստացաւ երկրորդ մրցանակ` «Մանկական երգ» անուանակարգին մէջ: Սոյն երգը ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ սփիւռքի կողմէ մասնակցող միակ մրցանակակիր երգն էր: Այս յաղթանակը լիբանանահայ գաղութի անունը բարձրացուց, ինչ որ ցոյց տուաւ գաղութին մշակութային դերն ու նշանակութիւնը հայապահպանման գործին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.