2011-11-01 12:52:44

Աշխարհի 7 Միլիառեորդ Հայաստանի Բնակիչը՝ Արթիկ Գիւղի Վահրամ ՈՍԿԱՆԵԱՆՆ Է ։


31 Հոկտեմբերի ուշ գիշեր Արթիկի ՝՝մօր եւ մանկան՝՝ առողջութեան պահպանման կեդրոնի մէջ ծնած է աշխարհի 7 միլիառերորդ հայ երեխան: Վահրամ Ոսկանեան ծնած է 2,900 քկ, 50 սմ: Երեխայի մայրը տանտկին մըն է, իսկ հայրը` աշխատաւոր մը: Երեխան ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամէն խնամքի բազմաթիւ նուէրներ ստացաւ, իսկ Արթիկի քաղաքապետն ալ երեխայի կնքահայր դարձաւ ու նուէրներ յանձնեց։
Արթիկի քաղաքապետարանը ոչ միայն եօթը միլիառերորդ բնակիչին, այլ նաեւ այդ պահուն Արթիկի «մօր եւ մանկան» առողջութեան պահպանման կեդրոնի մէջ գտնուող բոլոր մայրերուն ալ զատէն նուէրներ յանձնած է:
Կեդրոնի տնօրէնը տեղեկացուցած է, որ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ ու անհատներ կը հեռաձայնեն ծննդատուն եւ փափաք կը յայտնեն փոքրիկ Վահրամին որեւէ կերպ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.