2011-10-31 12:38:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Իր Մօտիկութիւն Կը Յայտնէ Ողողումներու Ենթարկուած Բնակչութեան՝ Թայլանտիա եւ Հիւսիսային Իտալիա։


Կիրակի 30 հոկտեմբերի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը յայտնեց Թայլանտիայի եւ Հիւսիսային Իտալիոյ ժողովուրդներուն որոնք յորդառատ անձրեւներու թիրախ եղած են։ Թայլանտիայի մէջ, մինչեւ օրս 381 մեռեալ կայ ու Պանքոկի 12 միլիոն բնակչութիւնը մեծ մտահոգութեամբ կ՛ապրի ու վախով կ՛ապրի այս օրերը։ Թայլանտիայի Աղէտներու կեդրոնի տնօրէնը յայտնած է, որ յոռեգոյն պարագային Պանքոք ամբողջովին ջուրով հեղեղուած պիտի ըլլայ:
Սրբազան Քահանայապետը նոյնպէս իր մօտիկութիւնը յայտնած է Իտալիոյ Թոսքանա եւ Լիկուրիա նահանգներու բնակչութեան որոնք անցեալ 25 եւ 26 հոկտեմբերի ուժգին անձրեւներու պատճառաւ ծանր վնասներ կրեցին։ Նորին Սրբութիւնը անոնց ապահոված է նաեւ իր աղօթքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.