2011-10-31 12:40:42

Մշակութային Տօնակատարութիւն Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանէն Ներս։


Հայ ժողովուրդը, Հոկտեմբեր ամիսը՝ ընդունած է որպէս ՜՜Մշակոյթի ամիս՝՝ ու այս առթիւ մշակութային հանդիսութիւններ սարքած է աշխարհիս չորս ծալքերուն:
Ֆիլատելիֆիոյ մէջ Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտները Հոկտեմբեր 20-ին նշեցին Հայ մշակոյթի նուիրուած օրը ներկայացնելով գեղեցիկ յայտագիր մը, ուր կը ցոլային Հայ հոգին ու Հայ ժառանգութիւնը:
Վարժարանի տնօրէնուհի՝ Քոյր Էմմա, բարի գալուստի իր խօսքին մէջ շեշտեց Հայ մշակոյթի կարեւորութիւնը եւ Հայ լեզուի անհրաժեշտութիւնը, եւ հրաւիրեց ներկաները որ Հայ լեզուն վառ պահեն հայերէն խօսելով տուներէն ներս, իրարու հետ եւ քաջալերելով իրենց զաւակները աւելի հայերէն խօսելու:
Մոնթէսորիի փոքրիկներու եւ առաջինէն մինչեւ երրորդ կարգի աշակերտներու յայտագրին նիւթն էր ՜՜ Հայ լեզուն ու Դպրոցը՝՝ զոր սկսաւ Մոնթէսորիի մանուկներով՝ որոնք բացումը կատարեցին ազգային քայլերգով եւ ապա արտասանեցին ՜՜Հայ Լեզուն՝՝ բանաստեղծութիւնը ու երգեցին ՜՜Ջան, Ջան Աշուն Է՝՝ երգը: Ապա Ա.Բ.եւ Գ . դասարանի աշակերտները հրամցուցին երգեր, ոտանաւորներ ու ապա հրամցուցին Յովհաննէս Թումանեանի Հեքիաթներէն՝ ՜՜Կիկոսի Մահ՝՝ը տրամախօսութիւնը։
Ամերիկայի մէջ իսկ՝ Հայ Քոյրերը իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն, հայ լեզուն ու մշակոյթը փոխանցելու նոր սերունդին, ինչպէս ֆիլատելֆիոյ հայ քոյրերու վարժարանը։ Մեծապէս գնահատելի է անոնց աշխատանքը...








All the contents on this site are copyrighted ©.