2011-10-31 12:39:51

Հիւսիսային Վիէթնամին մէջ կաթողիկէ երիտասարդներու հաւաքը մեծ յաջողութիւն կ'արձանագրէ։


Քաջալերուած JMJ-էն, Հիւսիսային Վիէթնամի թեմեր տարիներէ ի վեր մեծ յաջողութիւններ կ'արձանագրեն։ Երիտասարդներու տարեկան 9-րդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Հանօի մայրաքաղաքին մէջ 11 եւ 12 նոյեմբերին։ Հարաւային վիէթնամի թեմերը տակաւին արտօնութիւն չունին նման հաւաք մը կազմակերպելու։
Յայտնենք որ նման համաժողով մը եզակի երեւոյթ մըն է Վիէթնամին համար։ Ամէն տարի երիտասարդներու խաչը թեմէ թեմ ու ժողովրդապետութենէ ժողովրդապետութիւն կ'անցնի, յատուկ աղօթքներ խորհրդածութիւններ կազմակերպելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.