2011-10-30 10:34:50

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Պատգամը Գաղթականութեան Եւ Ապաստանեալներու Համաշխարհային Օրուան Առթիւ


Աւետարանը քարոզել այն գաղթականներուն որոնք տակաւին Քրիստոսի չեն հանդիպած։
Անցեալ 25 հոկտեմբերին Վատիկանի մամլոյ գրասենակի մէջ ներկայացումը կատարուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի յառաջիկայ 15 յունուարին (2012) Գաղթականութեան եւ Ապաստանեալներու համաշխարհային Օրուան Առթիւ հրատարակած Պատգամին։
Նորին Սրբութիւնը Պարգամին մէջ կը հրաւիրէ եկեղեցին << աւետարանը քարոզելու այն գաղթականներուն որոնք տակաւին Քրիստոսի չեն հանդիպած ու կը յորդորէ քրիստոնեայ գաղթականները չկորսնցնելու իրենց հաւատքը, նոյնիսկ եթէ գաղթեն դէպի այն երկիրները ուր վտանգ կայ ոչնչացնելու քրիստոնէութեան հաւատքի, ապրելակերպի եւ նշաններու երեւոյթները հասարակաց կեանքէն ներս։
Աշխարհի մը մէջ ուր սահմաններու անհետացումը եւ նոր աշխարհակայնացումի յառաջացումը մարդիկը աւելի կը մօտեցնէ իրարու, Եկեղեցին կանչուած է նոր աւետարանութիւն մը քարոզելու` որ դառնայ առաքելական ներոյժ մը, ըլլա՝յ առաջին քարոզութիւն ընդունող շրջաններու մէջ, ըլլա՝յ քրիտոնեայ աւանդութեամբ երկիրներուն>>։ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ կ՛անդրադառնայ նաեւ գաղթականներու իրաւունքերուն ու անոնց պարտականութիւններուն մատնանշելով որ այն ազգերը որոնք գաղթականները կ՛ընդունին պէտք է անոնց հանդէպ ցոյց տան հանդրժողութիւն, հիւրընկալութիւն ու յարգանք։ Գաղթականները ընդհանրապէս փախուստ տուած են այն վայրերէն ուր իրենց կեանքը վտանգի ենթարկուած է հալածանքներու եւ բռնութիւններու պատճառաւ։ Հարկ է յարգանքով մօտենալ անոնց բայց միեւնոյն ատեն պարզել նաեւ իրենց պարտականութիւնները հանդէպ հիւրընկալողներուն։ Հուսկ սրբազան հայրը կը յորդորէ քրիստոնեաները յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելու գաղթական աշխատաւորներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։ Քրիտոնեաները պէտք է գործեն աղօթքով, զօրակցութեամբ եւ քրիստոնէական ողորմութեամբ, ինչպէս նաեւ քաղաքական նոր միջոցառումներու զարգացման՝ տնտեսական եւ ընկերային գետնի վրայ, որոնք կը նպաստեն ամէն անհատի արժանապատութիւնը յարգելու, ընտանիքները պաշտպանելու, արժանավայել բնակավայրեր յատկացնելու ու աշխատանք ու օժանդակութիւն մատուցելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.