2011-10-30 10:43:10

ԱՄՆի Նախագահը Շնորհաւորած Է Ասիզիի Միջկրօնական Հանդիպումը։


ԱՄՆի նախագահը՝ Պարաք Օպամա պատգամ ուղղելով Ասիզիի միջկրօնական հանդիմումին 300 մասնակցողներուն, ողջունած է միջկրօնական երկխօսութեան դերը հարստահարեալները ամոքելու, խաղաղութիւն հաստատելով հոն ուր ընդհարում կայ եւ կերտելու լաւագոյն աշխարհ մը մեզի ու մեր զաւակներուն համար։
Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմբարտին իր խնդակցութիւնը յայտնած է որ Ս. Աթոռը կարողացած է մղել կրօններու ներկայացուցիչները դրական յանձնառումներ որդեգրելու, յանձնառումներ երկխօսութեան, դաստիարակութեան ու արդարութեան ի խնդիր խաղաղ ընկերութեան մը համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.