Վանի Երկրաշարժէն Ճեղքուած Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Գմբէթը։
Հոկտեմբեր 23ին Վանքաղաքը ու շրջակայքը հարուածող աւերիչ երկրաշարժը ճեղքում պատճառած
է նաեւ Աղթամար Կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Գմբէթին: «Էրմենի-Հապեր» լրատուական կայքը
Թուրքիոյ Մշակոյթի նախարարութեան աղբիւրներէն քաղած է այս տեղեկութիւնը: «7.2 աստիճան
ուժգնութեամբ երկրաշարժի հետեւանքով Վանի եւ շրջանի բազմաթիւ գիւղերու մէջ հարիւրաւոր
շէնքեր փլած են,եւ թէ որոշ գիւղեր՝ ամբողջութեամբ քանդուած : Այսօրուան դրութեամբ, երկրաշարժի
հետեւանքով զոհերուն թիւը դժբախտաբար կ՝աճի,եւ կը գերազանցէ 550-ը»: