2011-10-29 12:58:19

ԱՄՆի Պետական Քարտուղարը Կը Պաշտպանէ Կրօնքի Ազատութեան Դատը։


ԱՄՆի պետական քարուղարը տիկին Հիլարի Գլինթըն երկու օրուայ այցելութիւն կատարեց Տաճիկիստան, ուր իր խօսակիցներուն հետ ՜՜պաշտպանեց դատը բոլոր ազատութիւններու՝՝ եւ մասնաւորապէս ՜՜կրօնքի ազատութեան՝՝։
Համոզուած եմ որ ամէն անհատ ազատ է դաւանելու իր կրօնքը առանց սակայն զայն պարտադրելու ուրիշին, ըսած է ան։
ԱՄՆի պետական քարուղարի գնահատումով՝ հարկ է որ բոլոր համայնքները արձանագրուին ու օրինաւորեն իրենց ներկայութիւնը պետութեան մօտ, որպէսզի անոնք չկարենան գաղտնաբար ապրիլ իրենց հաւատքը։ Տաճիկիստանի կառավարութիւնը իր կարգին արդարացուց կրօնի սահմանափակումները որուն նպատակն է՝ պայքարիլ կրօնական մոլեռանդութեան աճումին դէմ, եւ պահպանել պետութեան աշխարհական դրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.