2011-10-28 13:21:26

Փոլ Պհաթթի Կը Մաղթէ Որ ՜՜Ասիզիի Խաղաղութեան Շունչը Փչէ Նաեւ Փաքիստանի Մէջ՝՝ ։


Փաքիստանի վարչապետի Կաթողիկէ կրօնական փոքրամասնութիւններու յատուկ խորհրդատուն՝ Փոլ Պհաթթի, խօսելով Ասիզիի միջեկեղեցական հաւաքի մասին, ըսած է ՜՜համոզուած եմ որ Ասիզիի միջկրօնական հաւաքը վկայութիւնն է որ կրօնները կարող են միացնել, եւ ոչ թէ բաժանումներ ստեղծել, որպէսզի միասնաբար սատարենք հասարակաց բարիքի համար, որ է համակեցութիւնը եւ խաղաղութիւնը՝՝։
՜՜Թող Ասիզիի շունչը փչէ նաեւ Փաքիստանի վրայ՝՝ ըսած է ան։Եւ յատարարած՝ որ այս ուղղութեամբ եւ նոյն ոգիով 2012 -ին Իսլամապատի մէջ պիտի կազմակերպուի միջազգային միջկրօնական Համաժողով մը <<խաղաղ ու համերաշխ համակեցութիւն>> նիւթին մասին։ Հարկ է միացնել բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց ուժերը, ձգտելու ու հասնելու համայն երկրի բարիքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.