2011-10-28 13:18:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։
Հանդիպում՝ Կրօնապետետու Հետ։


Ուրբաթ 28 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ . քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կարտինալ Նիգոլա տէ Եէզուս Րոտրիկէզ` Սանտօ Տոմինկոյի Արքեպիսկոպոսը ու ապա ժամը 11.30-ին՝ Վատիկանի Գլեմենթինա անուան սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Ասիզիի հաւաքին մասնակցող պատուիրակութիւններուն հետ։ Հանդիպումին աւարտին ժամը 13.ին Սրբազան հայրը` Կրօնապետերու հետ միասին մասնակցեցաւ եղբայրական ակաբի մը որ սարքուած էր Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի կողմէ Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։
Կրօնապետերու հետ հանդիպման ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ շնորհակալական խօսք մը ուղղեց բոլոր անոնց որոնք ընդառաջեցին ու մասնակցեցան Ասիզիի այս յիշատակելի օրուան։ Թող այս մեր բարեկամութիւնը շարունակուի յաջորդ օրերուն ալ ու տարածուի համայն աշխարհ, ըսաւ Սրբազան հայրը, այժմ մեր այս օրուայ փորձառութենէն ուժ քաղելով, շարունակենք նորոգել յանձնառումը, շարունակելու՝ մեր ուղեւորութիւնը դէպի ճշմարտութիւն եւ խաղաղութիւն առաջնորդող ուխտագնացութիւնը։ Սրտանց շնորհակալ եմ ձեզի բոլորիդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.