2011-10-28 13:19:41

Նորվան Սրբազան Զաքարեանի Ելոյթը Ասիզիի Միջկրօնական Խաղաղութեան Հաւաքի Առթիւ։


Հինշաբթի 27 հոկրեմբերին, Սուրբ ֆրանչիկոս Ասիզացիի սրբավայրին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ խաղաղութեան ի նպաստ միջկրօնական հաւաքը, նշելու համար երջանկայիշատակ ՅՊԲ 1986 կազմակերպած միջկրօնական հաւաքի 25 ամեակը։ Այս առթիւ ի շարս այլ կրօնապետերու եւ հոգեւոր ներկայացուցիչներուն եւ յանուն Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, ելոյթ ունեցաւ նաեւ ֆրանսայի հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանը որ իր խօսքին մէջ մատնանշեց որ դաւանանքներու տարբերութիւնները չեն կրնար ու պէտք չէ որ հակասութեան առիթ տան, այլ՝ հաւատացեալներու խաղաղութեան միասնական փնտռտուքը պէտք է հանդիսանայ միութեան ազդակ ժողովուրդներու միջեւ։ Զաքարեան Սրբազանը ապա մատնանշեց թէ արդարութիւնը ու ճշմարտութիւնը կը ներկայացնեն հաշտութեան պայմանները ու այս ուղղութեամբ միջազգային ատեաններու սահմանումը կը սատարէ ճշմարտութիւնը հաստատելու մանաւանդ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու նկատմամբ , որոնց ամենէն ծանրը <<Ցեղասպանութիւնն>> է։
Հուսկ Նորվան Սրբազանը եզրափակեց իր խօսքը մէջբերելով սաղմոսի խօսքերէն թիւ 84-ը որ կ՝ըսէ <<Սէր եւ Ճշմարտութիւն կը հանդիպին, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն կը համբուրուին։ Ճշմարտութիւն պիտի ծնի երկրէն, իսկ արդարութիւնը պիտի երեւի երկինքէն>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.