2011-10-28 13:29:07

Գերապատիւ Հ. Գաբրիէլ Վրդ. Մուրատեան՝ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Նոր Փոխանորդը ։


Այսօր՝ ուրբաթ 28 Հոկտեմբեր 2011-ին, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը նոր պատրիարքական փոխանորդ ունեցաւ յանձին Հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեանին, (որ 31 Մայիսէն սկսեալ , առժամեայ տեղապահ նշանակուած էր Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան (ըստ Միաբանութեան կանոնագրին) յաջորդելով արհի. Միքայէլ եպս. Մուրատեանին:
Հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան, Զմմառու միաբան, ծնած է Պէյրութ 26- 9-1974-ին, ան ընդհանուր մատակարարն էր Զմմառու միաբանութեան նախկին վարչութեան։
Իր ուսումը ստացած է Զմմառու մէջ, ապա անցած է Հռոմ, ուր շարունակած է իր ուսումը Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանին մէջ։ Վերադառնալով Լիբանան, իր մասնագիտութիւնը կատարած է Քասլիքի եւ Սաժէսի համալսարանին մէջ։
Հայր Գաբրիէլ Մուրատեան, իր տոքթորականը աւարտած է Հռոմի Լատերանեան քահանայապետական համալսարանին մէջ, եկեղեցական եւ աշխարհիկ կանոնագիտութեան մէջ։ Յատուկ կերպով մասնագէտ է արեւելեան կանոնագիտութեան ։ Ան ստացած է դոկտոր տիտղոսը, հրատարակելով իր աւարտաճառը Լատերանեան համալսարանին մէջ, իբրեւ թեմա ունենալով՝ «վանականութիւնը հայ Եկեղեցւոյ մէջ, ծագումը եւ աղբիւրներ»։
Ան նախագահն է նաեւ հայ կաթողիկէ պատրիարքական կանոնական յանձնախումբին։
Յաջորդաբար Միաբանական ընդհանուր Ժողովը ընտրեց որպէս Ա. վարչական Հայր Անդրանիկ ԾՎ Կռանեան: Ապա ընտրուեցան երեք վարչականները՝ Հ. Բարսեղ վրդ Պաղտասարեան, Հ. Եղիա վրդ Դերձակեան եւ Հ. Մովսէս վրդ Տօնանեան: Նորընտիր Վարչութիւնը իր առաջին վարչական ժողովին ընթացքին պիտի որոշէ վանական պաշտօնները:
Ռատովատիկանի հայերէն հայորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ ու իր բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ նորընտիր պատրիարքական փոխանորդ Հայր Գաբրիէլ վրդ Մուրատեանին եւ վարչութեան անդամներուն։


















All the contents on this site are copyrighted ©.