2011-10-27 12:39:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Արտասանած Խօսքը Ասիզիի՝ Santa Maria degli Angeli Պազիլիքայի Մէջ ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայպետը հինգշաբթի 27 հոկտեմբերի առաւօտեան մեկնեցաւ Ասսիզի ուր աշխարհի հինգ ցամաքամասերէ ժամանած զանազան դաւանանքներու եւ կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ միասին նշեց երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետի 25 տարի առաջ կազմակերպած3 խաղաղութեան միջեկեղեցական հաւաքի յոբելեանը։
Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ` ի շարս այլ կրօնապետերուն` խօսք մը արտասանեց ներկաներուն որուն մէջ յիշելով երանելի ՅՊԲ 1986ին կազմակերպած հաւաքը, հարց տուաւ .՜՜ ի՞նչ պատահեցաւ այդ օրէն ի վեր։ Ու՞ր հասաւ խաղաղութեան ընթացքը՝՝։
Այդ օրերուն - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - բաժանումներն էին որ կը ներկայացնէին խաղաղութեան սպառնալիքը ու այդ բաժանումներու ակնառու խորհրդանիշն էր Պերլինի Պատը որ երկու մասերու բաժնած էր քաղաքը։ 1989-ի` Ասիզիի հաւաքէն երեք տարի ետք ականատես եղանք այդ պատի փլուզումին։
Ազատութիւնը կարեւոր պարգեւ մըն է սակայն շատ անգամ ազատութիւնը կորսնցուցած է իր ուղեցոյցը եւ շատերու կողմէ օգտագործուած է, ուժգնութիւն բանեցնելու համար, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ու ապա ակնարկեց աշխարհի մէջ տիրող՝ բռնութիւններուն, ահաբեկչական արարքներուն ու կրօնի շահագործութեան բռնութիւնը գործադրելու։
Մենք եւս այսօր, ըսաւ Սրբազան Հայրը, կը հաստատենք 1986-ին յայտարարուած կրօնքի իսկական բնոյթը։
Որպէս Քրիստոնեայ, կ՛ուզեմ ըսել որ ժամանակի ընթացքին քրիտոնէութեան անունով ալ ուժգնութիւններ կատարուեցան եւ ամօթ կը զգանք սակայն կ՛ընդունինք այս իրողութիւնը ու կ՝ընդունինք նաեւ որ այս արարքները կրօնի բնոյթի զեղծումն էին։
Սրբազան Հայրը ապա խօսեցաւ մարդու կեանքին մէջ, Աստուծոյ բացակայութեան մասին, որ մարդուն անկումին պատճառ կը դառնայ։ Ու ակնարկեց կրօններու միջեւ երկխօսութեան հաստատումի կարեւորութեան, ընդունելով որ աշխարհի մէջ չկան միայն հաւատացելներ եւ ոչ հաւատացեալներ այլ կան նաեւ շատ մը անձեր որոնք պատեհութիւնը չունեցան ճանչնալու հաւատքը բայց եւ այնպէս ճշմարտութիւնը կը փտռեն։ Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց իր խօսքը հաստատելով՝ որ եկեղեցին պիտի չդադրի պայքար մղելէ ուժգնութեան դէմ ու յանձնառումով պիտի աշխատի խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր։
Ոգեւորուած ենք նոյն զգացումներով, ըլլալու՝ Խաղաղութեան եւ Ճշմարտութեան ուխտաւորներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.