2011-10-27 12:45:49

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայ Կիներու Հոգեւոր Լսարանի Վերաբացում։


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ 25 հոկտեմբերին, բացումը կատարուեցաւ 2011-2012 տարեշրջանի Հայ կիներու հոգեւոր լսարանին: Բացման արարողութեան ընթացքին Քրիստոնէական բաժանմունքի վարիչ Մասիս վրդ. Զօպույեան ողջունեց ներկայ հաւատացեալները եւ անոնց ներկայացուց լսարանի յայտագիրը:
Նկատի ունենալով, որ 2011 տարին վեհափառին կողմէ «Հայ մանուկի տարի» հռչակուած է, Սուրբ գրոց սերտողութիւնները կեդրոնացած կ՝ ըլլան մանուկին վրայ: Արդ, 2011-ի վերջին եռամսեակը կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Հայ մանուկը` մեր Եկեղեցւոյ ու Ազգին ապագան»: Հայր սուրբը շեշտեց քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը սերունդներու առողջ կազմաւորման ու պատրաստութեան համար, մանաւանդ ծանրացաւ մանուկին ընծայուելիք յատուկ գուրգուրանքին վրայ` վեր առնելով անոր ֆիզիքական ու մանաւանդ հոգեւոր ու ազգային կրթութեան եւ կազմաւորման անփոխարինելի անհրաժեշտութիւնը:
Սուրբ գրոց սերտողութիւնները տեղի կ՛ունենան ամէն երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-էն 11:00: Անոնց ընթացքին միաբան հայրեր հերթական դրութեամբ պիտի կատարեն սերտողութիւնը, իսկ ներկայ հաւատացեալները աղօթքներով, շարականներով եւ սաղմոսերգութեամբ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.