2011-10-27 12:44:36

Երջանկայիշատակ ՅՊԲ.ի 1986-ին Գումարած Միջկրօնական Հանդիպումի 25րդ Յոբելեանը։


Ասիզի Հոկտեմբեր 1986 - Ասիզի Հոկտեմբեր 2011։
25 տարի առաջ 1986-ի հոկտեմբեր 27 երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած էր աննախընթաց տիեզերական միջկրօնական հաւաք մը, Ասիզացի Սուրբ ֆրանչիկոսի` սիրոյ սուրբին սրբավայրին մէջ որուն մասնակցած էին աշխարհի համայն դաւանանքներու կրօնապետերը միասնաբար աղօթելու Աշխարհի Խաղաղութեան ի նպաստ։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը եւս հրաւէր ուղղեց աշխարհի բոլոր կրօնապետերուն բաղձանք յայտնելով միասնաբար վերակոչելու այդ հաւաքի ոգին ու դարձեալ հաստատելու կամքը խաղաղութեան ու ճշմարտութեան ի սպաս գործելու։
՜՜Ճշմարտութեան ու Խաղաղութեան ուխտաւորներ՝՝ խորագիրը , կ՛ուզէ մատնանշել հոգեւոր ուղեւորութեան փորձառութիւնը դէպի առաջնահերթ բարիքը որ է արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը։
Այս անհատական փորձառութեան հիմն է՝ ճշմարտութեան փնտռտուքը, որ նախաբան մը կը հադիսանայ մօտէն ծանօթանալու մարդոց, իշխանութիւններուն, կրօններուն եւ մշակոյթներուն, յարգելով իւրաքանչիւրին ինքնութիւնը։ Վարուելակերպ մը՝ ներշնչուած Ասիզիի Սուրբ ֆրանչիսկոսէն որ եղբայրական հանդիպում ունեցած էր Իսլամ կրօնքի՝ Մալիք Էլ Քամիլ Սուլթանին հետ 1219ին։
Ճշմարտութիւնը փնտռելով՝ պարտութեան կը մատնուի մոլեռանդութիւնն ու աշխարհականացումը, որ կ՛անտեսէ մարդկային ընտանիքը ու ամէն անհատի Սկիզբն ու Վերջը։
Ասիզիի հաւաքը նախաձեռնող՝ Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ՝ կարտինալ Թուրքսոնի գնահատումով՝ նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար, հարկ է նոր սլացք տալ միջկրօնական համագործակցութեան, որ սկիզբ առած էր 25 տարի առաջ. այսօր դէմ յանդիման գտնուինք տնտեսական տագնապի, ընկերային եւ ժողովրդավարական իշխանութիւններու տագնապի նաեւ սննդային ու բնապահպնութեան տագնապի, գաղթականութեան եւ նոր գաղթատիրութեան երեւոյթներու, աղքատութեան ու սովի իրողութեան, միջազգային ահաբեկչութեան ու կրօններու հարստահարումի եւ անհաւասարութեան։
Խաղաղութեան ձգտելու համար հարկ է հոգիի ուղեւորութիւն կատարել դիմելով նոր ճանապարհներու եւ միջոցներու՝ որոնք կ՝ իրագործուին դրական յարաբերութիւններու մշակումով ու մեր խիղճերը բանալով Գերագոյն ճշմարտութեան ու Գերագոյն Բարիին՝ որ է ՜՜Աստուած՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.