2011-10-27 13:20:34

27 Հոկտեմբեր 2011 - Պենետիկտոս ԺԶ Ասիզիի Մէջ։
Ճշմարտութեան Ուխտաւորներ, Խաղաղութեան Ուխտաւորներ ։
Խորհրդածութեան, Երկխօսութեան Ու Աշխարհի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Արդարութեան Հաստատումի Աղօթքի Օր։


Հինգշաբթի 27 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 8-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընկերակցութեամբ՝ աշխարհի 50 երկիրներէ Հռոմ ժամանած զանազան կրօններու պատուիրակութիւններու ու ներկայացուցիչներուն, շոգեկառքով մեկնեցաւ Ասսիզի ուր տեղի կ՝ ունենայ Միջ-կրօնական միօրեայ հանդիպումը։ Վատիկանի շոգեկառքի կայարանի մէջ, Սրբազան հայրը դիմաւորեցին Իտալիոյ ճանապարհի եւ փոխադրութեան նախարար՝ Տիար Ալթէրօ Մաթթէոլին, Իտալական Շոգեկառքի ընկերութեան գործադիր մատկարարը՝ Ճարտարապետ Մաուրօ Մորէթթի եւ Շոգեկառքի ընկերութեան նախագահը՝ Փրօֆ Լամպերթօ Գարտիա։
Շոգեկառքը մեկնելով Վատիկանէն Ասիզի հասաւ ժամը 9.45ին։
Իտալական Շոգեկառքի ընկերութիւնը բոլոր ճամբորդներուն նուիրեց յուշանուէր մը։
Ասիզի մէջ, պատուիրակութիւնը՛ուղղուեցաւ S. Maria degli Angeli Պազիլիքան, ուր Սրբազան Քահանայապետը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Ասիզիի - Նոչէրա Ումպրա եւ Կուալտօ Թատինոյի Արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Տոմէնիքօ Սորրէնթինոյի, Իտալիոյ Կառավարութեան ներկայացուցիչ՝ Ենթանախարար Ճիաննի Լեթթայի, Սուրբ Աթոռի մօտ իտալիոյ դեսպան Տիար ֆրանչէսքօ Մարիա Կրէքոյի, Ումպրիա նահանգի նախագահի ու այլ քաղաքական ներակայացուցիչներու կողմէ։
Ժամը շուրջ 10 քառորդ անց, սկիզբ առաւ միջկրօնական արարողութիւնը, որուն բացման խօսքը ուղղեց Կարտինալ Փիթըր Թուրքսոն՝ նախագահը քահանայապետական արդարութիւն եւ խաղաղութիւն խորհուրդին։ Բացման խօսքէն անմիջապէս ետք, պաստարներու վրայ ցուցդրուեցաւ Ասիզիի 1986ի հանդիպումի յուշապատկերներու ժապաւէնը որմէ ետք խօսք առին զանազան պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին յիշենք ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդը՝ Նորվան Արք. Զաքարեան։
Պատուիրակութիւններու զեկուցումներու աւարտին խօսք առաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։
Ժամը 12.30-ին հակիրճ այցելութիւն մը կատարուեցաւ Սուրբ ֆրանչէսկոսի սրբավայրը, S. Maria degli Angeli Պազիլիքայի մէջ գտնուող Porziuncola-ն որ եղած է Ս. ֆրանչիսկոսի կողմէ կառուցուած՝ առաջին եկեղեցին ։
Ժամը 13ին հիւրասիրութենէն մը ետք՝ ժամը 13.45 էն 15.30-ը, պատուիրակութեան անդամները իրենց յատկացուած խցիկները քաշուելով առանձնական խորհրդածութեան պահ մը ունեցան, մինչ նոյն ժամուն երիտասարդները քայլարշաւ մը կազմակերպած էին S. Maria degli Angeli Պազիլիքայէն մինչեւ Սուրբ ֆրանչէսկոսի նուիրուած Տաճարին հրապարակը։
Ժամը 16.30 տեղի ունեցաւ օրուան եզրափակիչ հանդիպումը որուն բացման խօսքը արտասանեց Քահանայապետական միջկրօնական երկխօսութեան ժողովի նախագահը՝ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան, ապա տեղի ունեցաւ խաղաղութեան ի նպաստ յանձնառումի խոստումի նորոգումը։ Հուսկ խօսք առին զանազան կրօններու ներկայացուցիչները, որոնց վերջինը՝ եղաւ Նորին Սրբութիւնը։
Պահ մը լռութենէ ետք, տեղի ունեցաւ յատկանշական վառուած լապտերներու յանձնումը պատուիրակութիւններու ղեկաւարներուն, որմէ ետք խօսք առաւ Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը՝ Կարտինալ Գիւտ Գոխը ու ապա <<ողջոյն տուք միմիանցէն>> ետք Սրբազան հայրը արտասանեց հրաժեշտի խօսքը։
Ժամը 18-ին Նորին Սրբութիւնը կ՝այցելէ Սուրբ ֆրաչէսկոսի դամբանը ու երեկոյեան ժամը 19-ին` պատուիրակութիւններու ընկերակցութեամբ շոգեկառքով Սրբազան Հայրը կը վերադառնայ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.