2011-10-26 13:22:34

Փիլիպպեան Կղզեխումբի Մինտանաօ Կղզիի Բնակիչները Արդարութիւն Կը Պահանջեն Սպաննուած Հայր Թենթորիոյի։


Աւելի քան 20 հազար հոգի համախմբուելով Մինտանաուի երեք քաղաքներու մէջ արդարութիւն պահանջեցին, անցեալ շաբաթ, Արաքամի մէջ, սպաննուած հայր Թենթորիոյի համար։ Ցուցարարները բանակի հրապարակէն պահանջեցին ոճրագործներու դատավարութիւնը ու ապա ուղղուելով աթոռանիստ եկեղեցի ներկայ գտնուեցան հայր Թենթորիոյի հոգեհանգստեան պատարագին։
Նշենք որ Հայր Թենթորիոյի յուղարկաւորութիւն տեղի ունեցաւ Գիտաբաուանի Տիրամօր Մայր Տաճարին մէջ, 25 հոկտեմբերի առաւօտեան, մասնակցութեամբ՝ կաթողիկէ համայնքի ու 15 հազար այլ ցեղախումբերու անդամներուն ։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը գլխաւորեց Գիտաբաուանի եպիսկոպոսը՝ Րոմուլօ Տէ լա Գրուզ համապատարագելով ուրիշ վեց եպիսկոպոսներու հետ միասին։
Ան իր քարոզին մէջ նշեց հայր Կենկօրիոյի առաքինութիւնները ՜՜առաքեալ մըն էր, ըսաւ ան, որ ողորմութիւն կը ցուցաբերէր մանաւանդ ամենէն տկարներուն ու մանուկներուն հանդէպ։ Ողբացեալը անոնց համար արդարութիւն կը պահանջէր մինչ կառավարութիւնը զանոնք իրենց ճակատագրին լքած է՝՝
Ապա առաջնորդը ըսաւ որ հայր ՜՜ֆաուսթօ Թենթորիօ պէտք է յիշատակուի պարզապէս որպէս բարի եւ հաւատարիմ քահանայ մը որ կը սիրէր իր ժողովուրդը եւ որ միշտ ջանաց լաւագոյն կերպով ծառայել անոր։ Հուսկ գերապայծառ Տէ լա Գրուզ յիշեց հայր Թենթորիոյի թողած կտակը որ է <<գործադրել արդարութիւնը, սիրել ողորմութիւնը եւ հեզութեամբ քալել Տիրոջ հետ միասին։>>








All the contents on this site are copyrighted ©.