2011-10-26 13:24:01

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Չի Կրնար Յանցագործութիւն Համարուիլ Թուրքիոյ Մէջ.(Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան՝ ՄԻԵԴ)։


Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը (ՄԻԵԴ) Հոկտեմբեր 25ին միաձայն վճռեց , որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ մէջ չի կրնար յանցագործութիւն համարուիլ:
Ինչպէս որ կը տեղեկացնէ ԱՄՆ լոյս տեսնող “Ասպարէզ” օրաթերթը, դատարանը Թուրքիոյ իշխանութիւնները մեղաւոր ճանչցած է թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամը հալածելնուն համար: Դատարանի որոշման մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները բազմիցս խախտած են Թաներ Աքչամի խօսքի ազատութեան իրաւունքը` զինք հետապնդելով Թուրքիոյ ՔՕ 301 տխրահռչակ յօդուածի յատկանիշներով (Թրքական ինքնութեան վիրաւորում):
Փրոֆ.Թաներ Աքչամ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ հարցում ներկայացուցած էր Եւրոպական Դատարան, ուր պնդած էր, որ իշխանութիւնները իր վրայ ճնշումներ գործադրած են` Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը արծարծելուն համար:
Դատարանը համաձայնած է Աքչամի այն պնդման հետ, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէն պարտադրուող օրէնքները՝ խօսքի ազատութիւնը երաշխաւորելու մասին՝ Թուրքիոյ ստանձնած պարտաւորութիւններու խախտում են:








All the contents on this site are copyrighted ©.