2011-10-26 13:23:16

Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Ժողովը, Լիբանան. Եւ
Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի Պատգամը Միաբանութեան Հայրերուն։


Երկուշաբթի 24 Հոկտեմբերին՝ համապատարագով մը , Զմմառու Վանքի եկեղեցւոյ մէջ, սկիզբ առաւ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան նոր վարչութեան ընտրութեան ժողովը։
Ժողովին առաջին երկու օրերուն, ժողովականները եւ միաբան հայրերը մասնակցեցան հոգեւոր կրթութեան, զոր քարոզեց Հայր Մախխուլ Ֆարհա, մեծաւորը Գարմելիթ Միաբանութեան Միջին Արեւելքի մէջ:

Երկօրեայ այս հոգեւոր ամփոփումէն ետք , Չորեքշաբթի 26 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ժողովական հայրերը համապատարագեցին, այս առթիւ Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ հոգեւոր Տէրը հայրական խօսքը արտասանեց։ Իր քարոզին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ.
Յոյժ Սիրելի Միաբան եղբայրներ եւ սիրեցեալ ժառանգաւորներ,
Աստուած լուսաւորեց մեր սիրտն ու միտքը մկրտութեան խորհուրդով, որ կը կոչուի նաեւ լուսաւորութեան խորհուրդ, որը պէտք է զարգացնենք Ս. Գիրքի ընթերցումով, քարոզներ լսելով եւ խորհրդածութիւններ կատարելով, ինչպէս որ հոգեւոր կրթութեան ընթացքին քարոզիչը մեզի թելադրեց. Եթէ ոչ՝ մկրտութեան լուսաւորութիւնը իրմէ ակնկալած արդիւնքը պիտի չի տայ։Ասոր համար կան քրիստոնեաներ, որոնք յստակ կերպով կը տեսնեն Աստուծոյ գործը իրենց կեանքին մէջ, օրինակի համար. բարի գործերուն միջոցաւ եւ քրիստոնեայ ապրելակերպին մէջ։ Իսկ ուրիշներ կ՚ապրին՝ կարծէք չե՛ն մկրտուած, հեռու Ս. Աւետարանի եւ Եկեղեցւոյ սկզբունքներէն։ Կարծէք Աստուած գոյութիւն չունի իրենց կեանքին համար, իրենց փրկութեան համար։
Մկրտութեան լուսաւորութիւնը մեծ շնորհք մըն է Աստուծոյ կողմէ, որ իր բարեացակամութեամբ մեզի ձրիաբար պարգեւեց, որպէսզի ճանչնանք եւ գնահատենք Աստուծոյ փառքը բարի գործերուն մէջ՝ մեր մօտ, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն մօտ։
Բայց Ս. Պօղոս մեզի կը յիշեցնէ նաեւ մեր տկարութիւնները. քանի անգամ առաջադրանք առինք եւ զայն չգործադրեցիք։ Օրինակի համար, քանի՛ անգամ որոշեցինք չդատել անոնք, որ մեզ կը դատեն կամ մեզի կը վնասեն, քանի՛ անգամ մտադրեցինք ներել անոնց, որ մեզի հանդէպ յանցանք գործած են, եւ հաւատարիմ չմնացինք մեր խոստումին։ Մեր անձը, իր բոլոր տկարութիւններով հանդերձ, կ՚ըսէ Ս. Պօղոս, կը պարունակէ իր մէջ գանձ մը, որ է Աստուծոյ ճանաչումը, անոր փառքը, անոր ուժը, Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը։
Մեր տկարութիւնները պէտք է ճանչնանք, որպէսզի Աստուծոյ վերագրենք մեր յաջողութիւնները, մեր յաղթանակները փորձութեան վրայ, մեր հաւատարմութիւնը պատուիրաններուն, եւլն։ Եթէ ոչ՝ սոսկալի ամբարտաւաններ պիտի դառնանք, եւ գիտէք որ ամբարտաւանութիւնը մեր սրտէն կը վտարէ աստուածային շնորհքը եւ կը հեռացնէ մեզմէ Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Այս իրավիճակին գիտակից ըլլալով, Ս. Պօղոս կը յարէ. «Եթէ պէտք է հպարտանալ, իմ տկարութիւններովս միայն պիտի հպարտանամ» (Բ. Կորն. 11,30)։ Ս. Պօղոսը ո՞ւր, մենք ո՞ւր։
Ս. Պօղոս այսպէս կը նկարագրէ տկարութիւններուն արդիւնքը մեր վրայ, ըսելով՝ կրնանք ճնշուած ըլլալ ամէն կողմէ՝ օրինակ. մեր տկար առողջութեան պատճառով, բայց կ՚ըսէ՝ ընկճուած չենք երբեք, որովհետեւ մեր յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած ենք եւ ասոր համար նեղութիւնը, որքան ալ ծանր ըլլայ, մեզ յուսահատութեան չի տանիր։
Կրնանք հալածուած ըլլալ օտարներէն կամ սուտ եղբայրներէն, բայց Աստուած մեզ չի լքեր։ Ան միշտ մեզի կը ղրկէ մէկը, որ մեզ մխիթարէ եւ զօրացնէ։ Կրնանք չարչարուած ըլլալ, բայց Աստուած մեզի ոյժ կու տայ որ չյուսահատինք եւ չիյնանք։
Յիսուսի առաքեալը պէտք է պատրաստ ըլլայ, ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ, Յիսուսի մահուան նշանները եւ ոչ շքանշաններ, իր մարմնին մէջ կրելու, ինչպէս եղաւ Երանելի Արքեպ. Իգնատիոս Մալոյեանին եւ իր բաղտակից նահատակներուն, որոնք Յիսուսի մահուան նշանները կրեցին ամէն օր աւելի իրենց մարմնին վրայ, մահուան կարաւանին մէջ, մինչեւ մահուան ժամը։
Այս բոլորը կը կրենք մեր մարմնին մէջ, կ՚ըսէ Ս. Պօղոս, որպէսզի Յիսուսի կեանքը՝ այսինքն անխախտ յոյսը, անզուսպ եռանդը, անյաղթ սէրը, աստուածային ներումը եւ առաքելութեան կորովը յայտնուին մեր մարմնին մէջ՝ մեր ապրելակերպով եւ մեր վարուելակերպով։Սիրելիներ ( ըսաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եզրափակելով իր քարոզը)աշխատինք նմանելու Քրիստոսի մեծ քարոզիչին, Ս. Պօղոսին։

Պատարագէն ետք եկեղեցական հայրերը թափօրով ուղղուեցան ժողովի դահլիճ, ուր սկիզբ առաւ ընտրական Ժողովը որուն նիստերուն ընթացքին, նախկին վարչութեան անդամները ներկայացուցին իրենց տեղեկագիրները ապա անոնց մասին զրուցեցին մասնակից միաբան հայրերը:
Որմէ ետք տեղի կ՝ունենայ նոր վարչութեան մը ընտրութիւնը, որ պիտի բաղկանայ նոր մեծաւոր հայրէ ու անոր հետ գործակից 4 վարչական անդամ վարդապետներէ։ Ուրբաթ օրը 28 Հոկտեմբերին ) երեկոյեան ժամերգութեամբ՝ իր աւարտին կը հասնի Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան Ժողովը։









All the contents on this site are copyrighted ©.