2011-10-26 13:22:08

՜՜Արդարութիւն Եւ Խաղաղութիւն՝՝ Քահանայապետական Խորհուրդը, Կը Խնդրէ Ստեղծումը Համաշխարհային Իշխանութեան Մը, Պաշտպանելու՝ Մարդկային Ազգին Կենսական Բարիքները ։


24 հոկտեմբերին, մամուլին ներկայացնելով միջազգային ֆինանսաւորումի դրութիւն մը հանրային իշխանութեան մը ստեղծումի հեռանկարով, Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը ընդգծեց որ, նման իշխանութիւն մը միակն է որ կարող պիտի ըլլայ երաշխաւորելու ''կենսական բարիքները'' եւ զանոնք բաժնելու ''համայն մարդկային ազգին''։
Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը ՄԱԿէն կը խնդրէ ոչ թէ իր կազմակերպութեան վերատեսութիւնը այլ հաստատումը համախոհութեան կառավարութեան մը , որ յարգէ ինքնավարութիւնը բոլոր ազգերուն. իշխանութիւն մը՝ ի վեր բոլոր կառավարութիւններէն։
՜՜Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն՝՝ խորհուրդին գնահատումով՝ այս նոր մարմնի ստեղծումով, քաղաքականութիւնը դարձեալ պիտի գերիշխէ տնտեսութեան ու ֆինանսաւորումի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.