2011-10-25 14:21:36

Վանի Մէջ Երկրաշարժի Զոհերու Թիւը Կ'աճի .
Թուրքիոյ Վարչապետը Կը Խոստանայ Հարկ Եղած Պարագային Օգնութեան Խնդրանքով Դիմել Հայաստանի։


Վանի մէջ 23 հոկտեմբերին տեղի ունեցած երկրաշարժի զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը դժբախտաբար կը շարունակէ աճիլ: Թուրքիոյ կառավարութեան կից Արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան տարածած վերջին հաղորդագրութեան համաձայն` զոհերուն թիւը հասած է 366-ի, իսկ վիրաւորներունը` աւելի քան 1300-ի: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ երկրաշարժի հետեւանք փլած են 2262 շինութիւններ:
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայյիփ Էրտողան Վանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք կատարած իր յայտարարութեամբ ընդգծած է որ բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանի նախագահը, կ՛ուզեն Թուրքիոյ օգնութեան ձեռք երկարել,Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց եւ ըսած, որ հարկ եղած պարագային, օգնութեան խնդրանքով անոնց պիտի դիմէ։ «Մեր ցաւը բաժնեկցողներ կան։ Ես շնորհակալութիւն կը յայտեմ այդ երկիրներու նախագահներուն ու կառավարութեանց ղեկավարներուն՝՝ ըսած է ան ։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Կիրակի օր Մոսկուայէն ցաւակցական հեռագիր մը յղած էր Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին եւ Հայաստանի օգնութիւնը առաջարկած անոր։








All the contents on this site are copyrighted ©.