2011-10-25 13:08:52

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Պատարագը, Լատին-Ամերիկայի Երկիրներու Անկախութեան 200-ամեակին Առթիւ։


Լատին-Ամերիկայի երկիրներու անկախութեան 200ամեակին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցէ Ս. Պետրոս պազիլիքայի մէջ յառաջիկայ 12 դեկտեմբերին` Կուատալուբէյի Տիրամօր տօնին, երեկոյեան ժամը 5,30ին։ Արարողութեան կը մասնակցին բարձրաստիճան եկեղեցականներ եւ Լատինամերիկայի իշխանութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ՝ Հռոմ բնակող լատինամերկացի հաւատացեալները։ Լատինամերիկայի անկախութեան տօնախմբութիւնները կ'երկարին 2010-էն մինչեւ 2014 տարիները։
Նշենք որ ''Յոյսի Ցամաքամաս''ը՝ Լատինամերիկան, իր մէջ կը ներփակէ երկրագունդի կնքուածներու 40 տոկոսը։
Լատինամերիկայի եպիսկոպոսական խորհուրդը պաշտօնապէս հրաւիրած է Սրբազան Քահանայապետը, այցելելու լատինամերիկայի այլ երկիր մը եւս, երբ 2013ին ան այցելութիւն կատարէ Պրազիլ , Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.