2011-10-25 13:12:11

Միջազգային Գիտաժողով Սիենայի Սրբուհի Կատարինէի Մասին, 27-29 Հոկտեմբեր։


Սիենայի սրբուհի Կատարինէի սրբադասումին 550րդ տարեդարձին առթիւ, Հռոմի մէջ միջազգային գիտաժողով մը տեղի կ'ունենայ, նախաձեռնութեմաբ պատմական գիտութեանց քահանայապետական կոմիտէի եւ Տոմենիքեան հայրերու։ Գիտաժողովին նպատակն է վերարժէքաւորլել սրբուհի Կատարինէի դէմքը պատմական, աստուածաբանական, գրական մակարդակներու վրայ։ Առաջին նիստին` 27 հոկտեմբերին, սուրբերու դատի կառավարիչը` կարտինալ Ամաթօ բացումը կը կատարէ գիտաժողովին։ Զեկոյցին նիւթն է. Սրբուհի կատարինէի սրբութիւնը, միսթիքութիւնը ու մարգարէութիւնը։ Յաջորդ օրուայ նիստին պիտի խօսուի 14-րդ դարու Սրբութեան եւ տարբեր միաբանութիւններու միջեւ կապին մասին։ Իսկ վերջին նիստին` պիտի խօսուի Սրբուհի կատարինէի յիշատակութեան մասին։ Ան եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուեցաւ Պօղոս Զ Քահանայապետի կողմէ 1970-ին։ 29 հոկտեմբերին, գիտաժողվը պիտի եզրափակուի Սիենայի մէջ, բացումը կատարելով սրբուհիի վերաբերեալ ցուցահանդէսով մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.