2011-10-25 14:22:30

Թուրքիոյ Մէջ Եկեղեցիներու Վերականգնում ։ Թուրքիոյ Կառավարութեան Դրական նոր քայլերը երկրի կրօնական փոքրամասնութեանբ նկատմամբ։


Թուրքիոյ Վարչապետ Ռեճեփ Թայյիփ Էրտողանի Կառավարութիւնը շարունակելով իր քաղաքականութիւնը որոշած է վերանորոգել Թուրքիոյ հողամասին վրայ գտնուող՝ կարգ մը Եկեղեցիներ,Սինակոկներ եւ Վանքեր ։ Ասիկայ այլ դրական քայլ մըն է ,յետ կարգ մը ինչքերու վերադարձումին, որոնք երկրի կրօնական փոքրամասնութեանց սեփականութիւններն էին։ Այժմ կարգ մը Եկեղեցիներու վերաշինութեանը նոր որշումին մէջ տեղ կը գրաւեն Տիգրանակերտի,այն է թրքերէն Տիյարպեքիրի ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ,ապա Էտիրնէ մարզի ամենամեծ Սինակոկը,Ճունտա կղզին գտնուող Թաքսի-եարհիս Եկեղեցին,Իմպրօ Կղզին գտնուող բազմաթիւ Եկեղեցիներ ու Վանքեր, Անտիոքի Սուրիական Եկեղեցին եւ Իսքէնտէրուն քաղաքի Յոյն-Կաթողիկէ Եկեղեցին։
Ապա Սուրբ Նիկողայոսի Յոյն-Օրտոտոքս Եկեղեցին կայ որ 1960ին քանդուած էր,անիկա ալ այժմ պիտի վերակառուցուի ծովեզերեայ զբօսաշրջիկային ծանօթ Պոտրում քաղաքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.