2011-10-25 14:22:15

Ախթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին Չէ Վնասուած Երկրաշարժէն։


Հոկտեմբեր 23ին(Երեւանի ժամով ժամը՝ 3:41ին) Թուրքիոյ Վան քաղաքի շրջակայքը տեղի ունեցած երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Ախթամար Կղզիին վրայ:
Վանայ Լիճի որոշ հատուածներուն վրայ եղած է փոքրիկ ալեկոծութիւն, սակայն ալիքները շատ չեն բարձրացած: Ալեկոծութիւնը եւ ցնցումները զգացուած են նաեւ Ախթամար Կղզիին վրայ եւ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, ուր բարեբախտաբար աւերներ չեն նկատուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.