2011-10-25 13:38:51

2011-ը ՝ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ(Հռչակուած Արամ Ա Վեհափառի Կողմէ)։
ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԸ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ .


2011-ը Մանուկի Տարի է. մեր պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է հայ մանուկին Աստուածաշունչի դաստիարակութիւն փոխանցել:
«Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն»: Առակաց 22: 6
Հայ մանուկին Աստուածաշունչի դաստիարակութեան գործընթացը պէտք է զարգանայ` հիմնուելով հետեւեալ հարցումին վրայ.
- Ի՞նչ պէտք է սորվեցնել Աստուածաշունչէն Անհրաժեշտ է խուսափիլ հայ մանուկին Աստուածաշունչի դաստիարակութեան գործընթացին մէջ «դաս» եւ «դասապահ» բնորոշումէն:
Մանուկը կրնայ խուսափիլ «դաս»ի մթնոլորտէն, սակայն անպայման կը նախընտրէ «պատմութիւն» հասկացողութիւնը: Մանուկը պիտի սիրէ Աստուածաշունչի պատմութիւնները`փոխանակ ընկալելու Աստուածաշունչի դասերը…: Բայց միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտ է մանուկին բացատրել , որ Աստուածաշունչի այս պատմութիւնները իրական են եւ`կեանքի ու ինքնութեան համար օրինակելի եւ կիրարկելի: Բայց տակաւին աւելին կայ.մանուկը նախ պէտք է սորվի Աստուծոյ«նկարագիրին»մասին,քան`Աստուծոյ պատասխանատուութիւններուն ու պարտականութիւններուն կամ անոնց հետեւանքներուն մասին: «Եթէ չար կենաս,Աստուած պապան խոշոր քար մը պիտի նետէ գլխուդ»կամ` «Եթէ հնազանդ չապրիս,դժոխք պիտի երթաս»: Նման խօսքերով մենք մանուկը կը վանենք Աստուծմէ:

Աւելի ճիշդ է,որ մանուկը նախ սորվի,որ` «մենք կը սիրենք Աստուած,որովհետեւ ան նախ մեզ սիրեց» :Մանուկը պիտի հասկնայ, թէ Աստուած սէր է, եւ ինք եւս նոյն սիրով պիտի պատասխանէ Աստուծոյ:Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը մանուկին մէջ կը սկսի զարգացնել քննական վերլուծումը եւ հաւասարակշռութեան գործօնները: «Բարի սամարացիի» առակը, օրինակ, մէկ կողմէ կը փոխանցէ մեծ բարեկամ Յիսուսի տիպարը,իսկ միւս կողմէ` կը սորվեցնէ բարեկամութեան անհրաժեշտութիւնը: Միեւնոյն ատեն մանուկը կը խթանէ կամաց-կամաց տրամաբանելու, թէ զիրար չհանդուրժող մարդիկ, հրեան եւ սամարացին`այս պարագային,կրնան իրարու օգնել , նոյնիսկ եթէ իրարմէ տարբեր են ու անկապ: Մանուկը պէտք է սորվի ընդունիլ դիմացինը,նոյնիսկ երբ ան իրեն պէս չի մտածեր:

Այսպիսով ալ մանուկը կը սիրէ հայրենիքը եւ կը ծառայէ անոր: «Այն,ինչ որ Աստուծոյ է,տալ Աստուծոյ,եւ այն,ինչ որ կայսեր`տալ կայսեր…»: Մանուկը պէտք է հաւասարակշռէ իր կեանքի տարբեր յարաբերութիւնները` սիրել նոյնինքն կեանքի տարբեր ինքնութիւնները,այս պարագային`երկիրն ու հայրենիքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.