2011-10-24 13:27:51

''Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցւոյ '' Զուիցերական Կազմակերպութիւնը ֆրիպուրկ Հրաւիրած Է Եգիպտոսի Կաթողիկէ Ղպտիներու Պատրիարքը։


'' Օգնութիւն Տառապող եկեղեցւոյ '' կազմակերպութիւնը հրաւիրած է Եգիպտոսի պատրիարք ՝ կարտինալ Նակիպը, գլխաւորելու հալածուած քրիստոնեաներու ազգային 5-րդ օրը, ոգեկոչելու խտրականութեան ու հալածանքի թիրախ քրիստոնեաները, որ տեղի պիտի ունենայ ֆրիպուրկ 28 եւ 29 հոկտեմբերին։
Նշենք որ 2011 տարին, քրիստոնեաներուն համար եղաւ ամենէն ողբերգականը, քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն համար։
Քրիստոնէութեան թշնամիները հաւատացեալներուն հալածանքէն ետք անցան ծրագրուած ու կանոնաւոր յարձակումի ու բռնութեան։ Յարձակումները Իրաքի, Նիճերիոյ, Փիլիպպեան կղզեխումբի, Փաքիստանի ու Եգիպտոսի մէջ, մի քան օրինակներ են անոնց քրիստոնեաներու հանդէպ ունեցած ատելութեան շղթային ։
Գանատայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի, մարդու իրաւունքներու նախագահը` գերապայծառ Օ'Պրէն իր կարգին նամակ մը յղած է Եգիպտոսի դեսպանին բացայայտութիւններ խնդրելու ղպտիներու դէմ Գահիրէի մէջ պատահած բախումներուն մասին։ Նամակին մէջ գերապայծառ Օ'Պրէն իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ եւ միաժամանակ կը խնդրէ որ Եգիպտոսի կառավարութիւնը հարկաւոր կարգադրութիւններ որդեգրէ երաշխաւորելու ղպտի համայնքին. կրօնական ազատութիւնը, խաղաղութեամբ ու անվտանգութեամբ ապրելու իրաւունքը եւ վերջ տալու ամէն խտրականութեան, միաժամանակ քաջալերելու երկխօսութիւնը ու փոխադարձ յարգանքը մահմետական ու քրիստոնեայ կրօնապետետու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.