2011-10-24 13:25:16

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Երկուշաբթի 24 հոկտեմբեր 2011։Առաւօտեան ժամը 11-ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Անկոլայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն եպիսկոպոսներ, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Ապա ժամը 11.45ին Գլեմենթինա սրահին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց ՅՊԲ.ի անուան հիմնարկի 300 անդամներուն։
Նշենք որ անցեալ շաբաթ օրը, 22 հոկտեմբերին՝ Լատին եկեղեցւոյ տօնացոյցի համաձայն յիշատակուեցաւ երանելի Գարոլ Վոյթիուայի` ՅՊԲ-ի տօնը, ճիշդ իր քահակալութեան տարեդարձին օրը։
Կիրակի 24 հոկտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակէն, երեք նոր սուրբերու սրբադասման արարողութեան աւարտին, կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի արտասանեց, որուն ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը հրաւէր ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն աղօթելու՝ յառաջիկայ 27 հոկտեմբերին` դէպի Ասսիզի կազմակերպուած միջկրօնական ուխտագնացութեան դիտաւորութեան։ Ուխտագնացութիւնը որ տեղի կ՛ունենայ երջանկայիշատակ ՅՊԲ Քահանայապետի 1986 ին կազմակերպած՝ Ասսիզիի առաջին միջկրօնական հաւաքի 25 ամեակի առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.