2011-10-24 16:30:46

Ուժգին Երկրաշարժ մը Ցնցեց Արեւելեան Թուրքիան՝Յատկապէս ՎԱՆ քաղաքը ու Շրջակայքը։՝՝Հայ Ժողովուրդը Տարածաշրջանին Մէջ Ապրող Բոլոր Ժողովուրդներուն Կողքին է՝՝. Այսպէս Կը Գրէ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ Արմենակ Աբրահամեան՝Վանի Քաղաքապետին։


Երէկ յետմիջօրէին, 7.2 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը (Ռիխթերի աստիճանաչափով) ցնցեց արեւելեան Թուրքիան,յատկապէս Վան քաղաքը ու շրջակայքը: Երկրաշարժին յաջորդեցին աւելի քան 70 յետ-ցնցումներ:
Նախնական տուեալներուն համաձայն, երկրաշարժը պատճառած է նիւթական ծանր վնասներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 250 զոհեր եւ հազարէ աւելի վիրաւորներ: Կը նախատեսուի, որ զոհերուն թիւը դժբախտաբար հասնի հազարի: ՎԱՆ քաղաքը ունի շուրջ 380 հազար բնակիչ։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թուրք նախարարներու ընկերակցութեամբ անմիջապէս ուղղուեցաւ երկրաշարժին վայրը: Կը սպասուի, որ այսօր կառավարութիւնը գումարէ արտակարգ ժողով մը` քննելու համար երկրաշարժին վերաբերող հարցերը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ 1999-էն ասդին մեծագոյնը նկատուող այս երկրաշարժին ցնցումները զգացուեցան Իրանի եւ Հայաստանի կարգ մը շրջաններուն եւ յատկապէս Երեւանի մէջ, ուր ժողովուրդը խուճապի մատնուեցաւ: 1976-ին Վանը ու շրջակայքը հարուածող երկրաշարժը 5 հազար զոհեր խլած էր։
Վանի մէջ երէկ տեղի ունեցած հզօր երկրաշարժին առնչութեամբ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան հեռագիր յղած է Վանի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրին: Հեռագիրին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «ժողովուրդներու յարատեւումը կ'ամրագրուի բարեկամութեամբ, իսկ բարեկամութիւնը` կը ստուգուի փորձութեան ժամուն:
Վանին պատուհասած այս փորձութեան ժամուն մենք կը հաւաստիացնենք, որ հայ ժողովուրդը տարածաշրջանի մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն կողքին է եւ կը բաժնեցկի վերահաս ցաւերն ու տառապանքը: Մենք պատրաստ ենք օժանդակելու Ձեզի այն ամէնով, ինչ որ մեր հնարաւորութիւններու սահմաններէն ներս է, եւ այնքան ժամանակ, քանի դեռ Դուք անոր կարիքը կ'ունենաք՝՝:
Միւս կողմէ երէկ(23 Հոկտեմբեր) նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուայէն ցաւակցական հեռագիր յղած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլահ Կիւլին` Թուրքիոյ տարածքին տեղի ունեցած երկրաշարժին առնչութեամբ, եւ առաջարկած Հայաստանի օժանդակութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.