2011-10-24 12:36:05

Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Ժողովը- Լիբանան ։


Երկուշաբթի 24 Հոկտեմբերին (2011) Զմմառու Վանքի եկեղեցւոյ մէջ, համապատարագով մը սկիզբ կ՝առնեն Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան նոր վարչութեան ընտրութեան ժողովները, որ պիտի աւարտին Ուրաթ 28 Հոկտեմբերին։
Առաջին երկու օրերը յատկացուած են հոգեւոր կրթութեան, որուն կը մասնակցին միաբան հայրերը: Հոգեւոր Կրթութիւնը պիտի քարոզէ Հայր Մախխուլ Ֆարհա, Գարմելիթ Միաբանութեան Միջին Արեւելքի մեծաւորը:

Չորեքշաբթի 26 հոկտեմբերի առաւօտուն, սկիզբ կ'առնեն Ժողովի նիստերը, միշտ համապատարագով, ապա վանական եկեղեցւոյ մէջ հաւաքոյթէ մը ետք Միաբան հայրերը թափօրով պիտի ուղղուին ժողովի դահլիճ ուր Ամեն. հոգեւոր Տէրը հայրական խօսքով սկիզբ պիտի տայ Ժողովին, որուն ընթացքին նախկին վարչութեան անդամները պիտի ներկայացնեն իրենց տեղեկագիրները ապա անոնց մասին պիտի զրուցեն մասնակից միաբան հայրերը: Ապա տեղի պիտի ունենայ նոր վարչութեան մը ընտրութիւնը որ պիտի բաղկանայ նոր մեծաւոր հայրէ ու անոր հետ գործակից 4 վարչական անդամ վարդապետներէ:
Վատիկանի ձայնասփիւռի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը կը մաղթէ որ սուրբ Հոգին ներգործէ իւրաքանչիւր միաբան վարդապետի սրտին ու մտքին մէջ, որպէսզի իր խղճին ձայնը ունկնդրելով քուէարկէ Զմմառու Միաբանութեան բարգաւաճման ու անոր առաքելութիւնը վառ պահելու ի խնդիր:
Ժողովները (ինչպէս ըսինք) կը փակուին ուրբաթ 28 հոկտեմբեր 2011ին երեկոյեան ժամերգութեամբ:

Զմմառու Միաբանութեան Ծագումը

Աբրահամ Պետրոս Ա. Կաթողիկոսի ժամանակ (1742 - 1749) պատրիարքական կղերը կազմուած էր Եպիսկոպոսներէ եւ մի քանի Անտոնեան կրօնաւորներէ, որոնք, 1750-ին Քրէյմի վանքէն փոխադրուեցան Զմմառու նորակառոյց վանքը: Հոն սկսան ապրիլ հասարակութեամբ, ինչպէս այդ ժամանակուայ հայ վանքերու վարդապետները, ապա Միքայէլ Պետրոս Գ. Գասպարեան Կաթողիկոսի օրով է որ կանոնական սահմանումը տեղի ունեցաւ:
Յակոբ Պետրոս Բ. Կաթողիկոսը (1749 - 1753) վանքին նիւթական կառուցուածքը աւարտելէ ետք, իր ամբողջ գուրգուրանքը դրաւ ամրացնելու բարոյական կառուցուածքը, հիմերը նետելով կազմակերպուած հասարակական կեանքի մը Զմմառու վանքին մէջ: Այսպէս ծագում առաւ Զմմառու Կաթողիկոսական կղերին Միաբանութիւնը, որպէս Կաթողիկոսական Աթոռին կապուած միաբանութիւն, որպէս մնայուն ջոկատ մը, որ տեւապէս եւ առաքելութեան բոլոր մարզերուն համար տրամադրելի ըլլայ Կաթողիկոսին:
Միաբանութեան մասնայատուկ նպատակն է, ըստ 1986-ին լոյս տեսած եւ Արեւելեան եկեղեցիներու կողմէ վաւերացուած կանոնագիրքին թիւ 4 յօդուածին՝
ա.- Կաթողիկէ համայնքը քարոզել հայ ազգին մէջ:
բ.- Քահանայական պաշտօն մատուցանել՝ ի ծառայութեան պատրիարքութեան, միաբանութեան եւ առաքելավայրերուն, ընդ իշխանութեամբ Պատրիարքին, Միաբանութեան Պատրիարքական փոխանորդին եւ թեմերու առաջնորդներուն, ըստ իւրաքանչիւրին իրաւասութեան:
գ.- Միաբանութեան դպրեվանքին մէջ կազմել միաբանութեան նոր անդամներ եւ Կաթողիկոսին տրամադրութեան դնել զանոնք առաքելութիւններուն ի սպաս:

Զմմառու Միաբանութեան Վարչաձեւը։

ա.- Զմմառու միաբանութեան մեծաւորն է Ամեն. Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ կը կառավարէ միաբանութիւնը իր պատրիարքական փոխանորդով, որ իր կարգին, չորս վարչական հայրերու հետ միասին կը կազմեն վարչական խորհուրդը որուն պարտականութիւնն է՝
Մատակարարել վանապատկան ինչքերը ու հարստութիւնները
Արժեւորել միաբանութեան բարոյական վաստակները
Ոգեւորել անոր առաքելական խանդը
Հրահրել անոր հոգեւոր աւանդը
Պայծառացնել անոր ազգային ու մշակութային գանձերը եւ դերը
Ամրապնդել անոր պատմական գոյատեւումը նոր միաբաններ պատրաստելով 21երորդ դարու հոգեւոր, տոհմային ու ազգային պահանջքներուն համաձայն
բ.- Միաբանութիւնը կը կառավարուի յատուկ սահմանադրութեամբ վաւերացուած 24 Փետրուարին 1986-ին ինչպէս նաեւ կանոնական ընդհանուր ժողովներուն ցուցմունքներով եւ որոշումներով, որոնք կը գումարուին վեց տարին անգամ մը կամ երբ հարկ է Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ ՝ միաբանութեան մեծաւորին եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու յատուկ արտօնութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.