2011-10-24 13:26:23

Ասիզիի Մէջ Տեղի Ունենալիք Միջկրօնական Հանդիպումին Առթիւ ֆրանսայի Մէջ Եւս Քրիստոնեաները, Հրեաները, Մահմետականները Եւ Պուտտայականները Միացած Են Աղօթքին Մէջ։


Ասիզիի միջկրօնական առաջին հանդիպումի 25-րդ տարեդարձին վերակոչումին առթիւ, որ տեղի պիտի ունենայ Ասիզի, յառաջիկայ 27 հոկտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետի հանդիսապետութեամբ, նոյն թուականին՝ ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ տեղի կ'ունենայ քրիստոնեաներու, հրեաներու, մահմետականներու եւ պուտտայականներու աղօթքի հանդիպումը. այսպէս յայտնեց գերապայծառ Սադիէն` նախագահը ֆրանսական եպիսկոպոսական դասի միջկրօնական խորհուրդին, մատնանշելով որ Ասիզիի հանդիպումը նախ եւ առաջ վկայութիւն մըն է կրօններու միացեալ կամքին, գործելու՝ աշխարհի խաղաղութեան ու մարդկային ազգին միաւորումին համար եւ միաժամանակ ընդգծելու հարկաւորութիւնը՝ հոգեւոր կեանքին։ Յայտնենք որ գերապայծառ Սադիէն Ասիզիի հանդիպումին կը մասնակցի եւ կը ներկայացնէ ֆրանսայի կաթողիկէ եկեղեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.