2011-10-23 12:20:29

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի Վրայ Երեք Նոր Սուրբերու Սրբադասման Արարողութիւնը Գլխաւորեց։ Կուիտօ Մարիա Գոնֆորդին, Լուիճի Կուանելլայ, Պոնիֆաչիա Ռոտրիկէզ Տէ Գասթրօ։


Կիրակի 23 հոկտեմբեր 2011։Այսօր կը նշուի Միսիոնարական համաշխարհային օրը ''Ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ'' բնաբանով։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այս առաւօտ ժամը 10-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գլխաւորեց երեք նոր սուրբերու սրբադասման արարողութիւնը որուն ընթացքին սուրբերու կարքին դասեց երանելի Կուիտօ Մարիա Գոնֆորդի` Իտալիոյ Բարմա քաղաքի երբեմնի Արքեպիսկոպոսը` երկու միաբանութիններու հիմնադիր երանելի Լուիճի Կուանելլան` եւ Երանուհի Պոնիֆաչիա Ռոտրիկէզ Տէ Գասթրօ` Սուրբ Յովսէփի Աղախիններու Միաբանութեան հիմնադրուհին։
Սրբադասման արարողութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը քարոզ մը արտասանեց որուն մէջ մեծարեց նոր սուրբերու առաքինի կեանքը եւ գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ երեք նոր սուրբերուն համար։
Սրբազան Հայրը ապա խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներու վրայ ուր Յիսուսի հարց կը տրուի թէ ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը ու Յիսուս կը պատասխանէ <<Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ եւ բոլոր մտքովդ>>։ Այս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը։ Ապա Յիսուս կ՛աւելցնէ երկրորդն ալ նոյնքան կարեւոր է. Պիտի սիրես քու ընկերդ քու անձիդ պէս։ Այս երկու Պատուիրաններէն կախում ունին Օրէնքն ու Մարքարեները։ Սուրբ Աւետարանի ընթերցումը մեզի կը յիշեցնէ` յարեց Նորին Սրբութիւնը` թէ Աստուածային համայն Օրէնքը սիրոյ մէջ կը համառօտուի։
Մեր բարեկամի հանդէպ սէրը նոյնքան կարեւոր է որքան սէրը Աստուծոյ հանդէպ։ Աիրոյ կենդանի վկայութիւնն է որ քրիտոնեան պետք է ցոյց տայ աշխարհին։Որքան նախախնամական արդ` որ ճիշտ այսօր եկեղեցին ունեցաւ երեք նոր սուրբեր որոնք իրենց ամբողջ էութիւնը Աստուծոյ ողորմութեամբ լի էր։ Անոնք զանազան կացութիւններու ընթացքին ու տարբեր խարիզմներով սիրեցին Տէրը ամբողջ սրտով եւ իրենց ընկերը իրենց անձին նման` այնպէս որ դարձան համայն հաւատացեալներու համար օրինակելի վկաներ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ երեք սուրբերուն կեանքի մասին ու խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով բոլորը հետեւելու այս սուրբերու դաստիարակութեան որպէսզի մեր կեանքն ալ ըլլայ Աստուծոյ եւ մեր բարեկամի հանդէպ սիրոյ իսկական վկայութիւն մը` բարեխօսութեան Սուրբերու Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Կուիտօ Մարիա Գոնֆորդիի` Լուիճի Կուանելլայի ու Պոնիֆաչիա Ռոտրիկէզ Տէ Գասթրօյի։ Ամէն։

Սուրբ Զոհի աւարտին Սրբազան Քադանայապետը արտասանեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը որուն ընթացքին զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ու Տիրամօր Հովանիին յանձնեց յառաջիկայ 27 հոկտեմբերի Ասզիզիի ուխտագնացութիւնը ուր նախատեսուած է միջկրօնական հանդիպում` խորհրդածութեան` երկխօսութեան եւ աղօթքի` աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ արդարութեան հաստատումին համար։
Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը բոլորին վրայ ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.