2011-10-23 12:02:55

Միսիոնարական Համաշխարհային Օր։ 2009 ին Կաթողիկեներու Թիւը Աճած Է 15 Միլիոն Հաւատացեալներով։


Միսիոնարական Համաշխարհային Օրուայ առթիւ որ տեղի կ՛ունենայ 23 հոկտեմբեր 2011ին ֆիտէս լրատուական գործակալութիւնը վիճակագրութիւն մը ներկայացուցած է մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2009 Կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրողութեան մասին աշխարհի մէջ։ Վիճակագրութեան մէջ ի յայտ կու գայ թէ աշխարհի բնակչութեան թիւը հասած է 6.777.599,000, արձանագրելով 79,246,000 յաւելում բախդատմամբ 2008ի տուաելներուն։ Կաթողիկեներու թիւը նոյնպէս հասած է 1.180,655,000 15 միլիոնի աճում ներկայացնելով։ Այս աճումը կ՛ընդգրկէ չորս ցամաքամքսերը Ափրիկէ (+ 0,3%) ; Ամերիկայ (+0,04%) եւ Ասիայ (+ 0,01%), Մինչ եւրոպաայի եւ Ովկիանոսեան ցամաքամասերու մէջ նահանջում արձանագրուած է` Եւրոպայ (- 0,02%) - Ովկիանիա (- 0,3%).
Այս տուեալներու համաձայն բնակչութեան թիւը բախդատութեամբ ամէն մէկ քահանայի`հասած է 13,154 ի։ Նշենք որ քահանաներու թիւը աճում արձանագրելով հասած է 410,593ի սակայն եւրոպայի մէջ քահանաներու թիւը նուազում արձանագրած է (- 1’674)։
Եպիկոպոսներու թիւն ալ նոյնպէս յաւելում արձանագրած է հասնելով 5,065ի ու նաեւ մնայուն սարկաւագներու թիւը 952 նոր մնայուն սարկաւագներով հասած է 38,155։
Դաստիարակութեան եւ կրթութեան ասպարեզներու մէջ աշխարհի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցին ունի 68,119 մանկավարժական հաստատութիւններ ուր կը յաճախեն 6.522,320 աշակերտներ։ 92.971 միջնակարգ դպրոցներ 30,973,114 աշակերտներով եւ 42,495 երկրորդական վարժարաններ 17,114,737 աշակերտներով մինչ աւարտական դասարաններու աշակերտներու թիւն է 2’288’258 եւ երիտասարդ համալսարանականներունը 3.275,440 ։
Կաթողիկէ բարեգործական հասատատութիւններու ներքեւ կը նշուին` 5,558 հիւանդանոցներ, 561 բորոտանոցներ, 16,073 ծերանոցներ, 12.387 մանկապարտեզներ, 36,933 դաստիարակութեան եւ ընկերային կեդրոններ ու 12,050 այլ հաստատութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.