2011-10-23 12:03:22

Լիբանանցի Երգիչ Ղասսան Ռահպանի Հայերու Մասին Կ'երգէ Արաբերէն եւ Հայերէն ։


“Խապար-Արմանի” կայքը ներկայացուցած է լիբանանցի յայտնի երգահան երգիչ Ղասսան Ռահպանիի «Մենք այստեղ կ'ապրինք» երգը, զոր հեղինակը նուիրած է Լիբանանահայութեան։
Կայքը կը գրէ,- “Երբ մարդ արեւելեան կողմէն Պէյրութ կը մտնէ եւ կ’անցնի Պուրճ Համուտ թաղամասը, կարծես մուտք կը գործէ ուրիշ աշխարհ։ Որքան ալ լսած ըլլան հայերու մասին եւ հանդիպած անոնց` կրնան ըմբռնել անոնց կեցութիւնը վայրի մը մէջ, որուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի ազգի մը, որ կը սիրէ երկիր մը եւ որուն մասին միշտ երազած է։ Անոնց փողոցներուն մէջ, որոնք կը կրեն Հայաստանի շրջաններու անունները՝ տարածուած են դեղարաններ ու խանութներ, որոնց վրայ գրուած է հայերէն ու արաբերէն։ Բան մը, որ կը վկայէ անոնց կառչածութիւնը իրենց մայրենի լեզուին եւ այն, որ անոնք չեն զղջար իրենց ձեռք բերած այլ ինքնութեան համար...
Լիբանանի հայերու մասին կարելի է երկար խօսիլ, կ'ըսէ արաբատառ կայքը, աւելցնելով, “Մեր խօսքը կ'ամփոփենք Ղասսան Ռահպանիի սա երգովը , զոր ան նուիրած է՝ լիբանանահայութեան"։








All the contents on this site are copyrighted ©.