2011-10-23 11:49:45

Երանուհի Պոնիֆաչիա Ռոտրիկէզ Տէ Գասթրօ ։ Հիմնադրուհին՝ Սուրբ Յովսէփի Աղախիններու Միաբանութեան որ այսօր Սրբուհի Հռչակուեցաւ Սրբազան Հօր Կողմէ։ ։


Նոր Սրբուհին կը ծնի Սալամանքա (Սպանիա) 6 Յունիս 1837ին ,արհեստաւոր ծնողքէ մը,խորապէս քրիստոնեայ։ Ան անդրանիկն էր վեց քոյր եղբայրներու ։ Արդէն 15 տարեկանին ինքզինք կը գտնէ բանուորական աշխարհին մէջ, գիտակից դառնալով բանուոր կիներու կեանքի յետին դժուար պայմաններուն։
Նախ հիմնած է իր աշխատանոցը հիւսքի թելերու,ժապաւէններու եւ ձեռագործի արարկաներու։ Իսկ 1870ին Սալամանքայի մէջ կը ծանօթանայ Յիսուսեան Հայր ֆրանչիսքօ Պութինիայի որը իրեն կ՝առաջարկէ հիմնել միասին Սուրբ Յովսէփի Աղախիններու Միաբանութիւնը,բանուորական աշխարհի Աւետարանացումի Դիտաւորութեամբ։
Այսպէս 10 Յունուար 1874ին Պոնիֆաչիա,իր մայրը եւ հինգ օրիորդ ներ սկիզբ կուտան Միաբանութեան Առաքելութեան։ Յետագային Յիսուսեան Հայր Պութինիայի հետ մեծ անհասկացողուիւններ կը ծագին,բայց Սրբուհին միշտ կը մնայ հաւատարիմ Յիսուսի ու Անոր Աւետարանին։ Սրբուհի Պոնիֆաչիա Կը վախճանի Զամօրա ուր հիմնած էր այլ Տուն մը,8 Օգոստոս 1905ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.