Երանելի Լուիճի Կուանէլլա ։ Ան այսօր Սուրբ Հռչակուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի
կողմէ ։
Նոր Սուրբը Հիմնադիրն է ՝ Սիրոյ Սպասաւորներու Միաբանութեան եւ Նախախնամութեան Սրբուհի
Մարիամի Դուստրերու Իգական Միաբանութեան։ 1964ին Երանելի հռչակուած էր Երջանկայիշատակ
Պողոս Զ.Քահանայապետի կողմէ։ Աստուծոյ ծառայ Լուիճի Կուանէլլա կը ծնի Իտալիոյ Գոմօ
քաղաքի մարզը՝ 1842-ին։ 13 քոյր եղբայրներու իններորդը ։ Քոմոյի Դպրեվանքին մէջ կը կատարէ
իր ուսումները ուր ապա քահանայ կը ձեռնադրուի 1866-ին, եւ յետագային ժողովրդապետ
կ՝անուանուի Սավոնիօ-ի։ Հոն, Սավոնիոյի մէջ, կը մնայ եօթը տարի եւ հոն է որ կը ծանօթանայ
Տոն Պոսքոյին(Սալէզեաններու Միաբանութեան Հիմնադիրը)։ Ինք եւս ապա հիմնեց երկու
Միաբանութիւններ մին՝Սրբուհի Մարիամի Դուստրերու Իգական Միաբանութիւնը 1881ին Երանհուհի
Տինա Պոսաթթայի աջակցութեամբ,իսկ միւսը՝1908ին Գոմոյի մէջ Սիրոյ Սպասաւորներու արական
Միաբանութիւնը ։