Մերձաւոր Արեւելքի Ամենամեծ Հայկական Եկեղեցին՝ 30 Տարուան Ընդմիջումէ Մը Ետք՝ Այսօր
Կրկին Կը Բանայ Իր Դռները ։
Այսօր, 22Հոկտեմբեր, 30 տարուայ ընդմիջումէ մը ետք, հայ հաւատացեալներուն առջեւ իր
դռները կը բանայ Թուրքիոյ (Արեւմտեան Հայաստանի) Տիարպեքիր քաղաքին մէջ գտնուող Մերձաւոր
Արեւելքի ամենամեծ հայկական եկեղեցին` Սուրբ Կիրակոսը: Թրքական “Ռատիքալ” օրաթերթի
հետ զրոյցի ընթացքին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթեշեան ըսած
է, որ այսօր եկեղեցւոյ բացման արարողութեան եւ վաղը` Հոկտեմբեր 23ին, մատուցուելիք պատարագին՝
աշխարհի տարբեր երկիրներէ պիտի մասնակցին հազարաւոր հայեր: Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ
վերանորոգման աշխատանքներուն համար ծախսուած է 3,4 միլիոն տոլար: Ծախսերուն հարիւրէն
70%ը հոգացած է Պոլսոյ հայ համայնքը, իսկ 30%ը` Տիարպեքիրի քաղաքապետարանը: