2011-10-22 12:45:00

Գրիգոր Զոհրապ Ընդգրկուած՝ Թուրքիոյ Մէջ Սպաննուած Լրագրողներու Ցանկին Մէջ։


Թուրքիոյ լրագրողներու ընկերակցութիւնը (TGC) որոշած է 1915ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ երկու լրագրողներու անունները ընդգրկել «Թուրքիոյ տարածքին սպաննուած լրագրողներու ցանկ»ին մէջ: Ընկերակցութիւնը հետեւած է Ժամանակակից Լրագրողներու Ընկերակցութեան (IGD) օրինակին, ուստի Մամլոյ թանգարանին մէջ յատուկ տարածք պիտի յատկացուի հայ լրագրողներու յիշատակին համար:
«Մեզի համար կարեւորը այն է, որ անոնք մեր գործընկերներն էին, անոնց կրօնը, լեզուն եւ գործունէութիւնը էական չէ», «Հիւրրիյէթ» թերթին յայտնած է TGC-ի փոխնախագահ Ահմեթ Օզտեմիր:

Սակայն, ի տարբերութիւն Ժամանակակից Լրագրողներու Ընկերակցութեան, որ սպաննուած լրագրողներու իր ցանկին մէջ, վերջերս ներառած էր տասը հայ լրագրողներու անուններ, TGC-ն կը ծրագրէ ընդգրկել միայն երկու լրագրողներու՝ «Սապահ» եւ «Ճիհան» պարբերականներու խմբագիր Տիրան Քելեքեանի, եւ Օսմանեան խորհրդարանի պատգամաւոր գրող Գրիգոր Զոհրապի անունները:
Զոհրապն ու Քելեքեանը այն հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու շարքին էին, որոնք 24 Ապրիլ 1915ին Պոլիսէն տեղափոխուեցան եւ սպաննուեցան:








All the contents on this site are copyrighted ©.