2011-10-21 13:37:05

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձին Առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։ Հնդկաստանի Թամիլ Բարբառով Յայտագիրը


Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ 1931 - 2011, ամէն շաբաթ մեր ունկնդիրներուն կը ներակայացնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի 44 լեզուներով սփռուող յայտագիրներէն մէկը։ Այսօր կը խօսինք Թամիլ յայտագրի մասին։

Պօղոս Զ 1964 հնդկաստան կատարած պատմական առաջին այցելութենէ ետք 1965-ի մայիսէն սկսեալ Ռատիովատիկանը սկսաւ հնդկաստանի լեզուներով յայտագիրներու սփռումները, որոնց մէջ նաեւ Թամիլ բարարբառը։ Սկզբնական շրջանին մինչեւ 1982 Թամիլ յայտագրի սփռումները եղան շաբաթը երկու անգամ 10 վարկեան տեւողութեամբ։ 1982 սկիզբ առին յայտագրի կրկնումները ու 1986ին երջանկաայիշատակ ՅՊԲ Հնդկաստան կատարած հովուակաան այցելութեան առթիւ սկիզբ առին Հինտի, Թամիլ, Մալաեալամ եւ Անգլիական 15 վարկեան տեւողութեամբ յայտագիրներ որ յետագային դարձան առօրեայ։
Աշխարհասփիւռ 77 միլիոն Թամիլ բարբառ խօսողներէն շատեր կը հետեւին Ռատիովատիկանի յայտագիրներուն ու անոնց մեծամասնութիւնը քրիտոնեայ հաւատացեալներ չեն այլ Ինտու` Մահմետական եւ Պուտտայական հաւատացեալներ բայց խանդավառութեամբ կը լսեն Սրբազան Քահանայապետի պատգամները Հրեշտակ Տեառնի կիրակնօրեայ խորհրդածութիւնները եւ չորեքքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները։
2009 սկսեալ Թամիլ յայտագիրը սկսաւ e-mail ի միջոցաւ օրական տեղեկատուական լուռերու սփռումը։ Մինջ Ռատիովատիկանի Հնդկաստանի գրասենեկը ամսական օրթերթ մը կը հրատարակէ ուղարկելով զայն հազարաւոր իր անդամակիցներուն։ Թամիլ յայտագրի լուռերը կը վերատպուին Նամ Վաաչշու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պաշտօնական ամսաթերթին մէջ մինջ Հնդկաստանի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասը իր կայքէջի մէջ յատուկ տեղ տրամադրած էՌատիովատիկանի Թամիլ յայտագրի հաղորդումներուն։ Այս ուղղութեամբ համացանցը մեծ դեր կը խաղայ ամենուրէք տարածելու Թամիլ յայտագրի լուռերը։
46 տարեկան այս յայտագիրի խմագիրները կը յուսան շարունակել իրենց յանձնուած գործունէուիթիւնը Սրբազան Քահանայապետի ձայնը հասցնելու աշխարհի ամէն մէկ անկիւն կառուցելու նպատակաւ Աստուծոյ արքայութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.