2011-10-21 13:37:30

Կրօներու Շաբաթը Կը Մեծարէ Բազմազանութիւնը: Քաջալերել Յարգալիր Համակեցութիւնը։


Զուիցերիոյ կրօներու շաբաթը տեղի պիտի ունենայ 6-12 նոյեմբեր։ Յայտագիրը կը նախատեսէ ցուցահանդէս, համաերգ, դասխօսութիւն, կլոր սեղան ու կրօնական արարողութիւններ, որուն կը մասնակցին կրօնականներ, աշխարհականներ, թերահաւատներ, գիտնականներ ու քաղաքագէտներ։ կրօներու շաբաթուայ բնաբանն է.
''յարգալիր համակեցութեան քաջալերանքը''։ Այս նախաձեռնութիւնը առիթ պիտի տայ զանազան կրօներու անդամներու իրարու հետ հանդիպիլ, խօսիլ իրենց տարբերութեան մասին եւ սորվիլ աւելի լաւ իրար զիրար ճանչնալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.