2011-10-21 13:08:41

Ամին Ժեմայէլ Եւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Կացութիւնը։


Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ կէսօրին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Եգիպտոս կատարած իր այցելութեան արդիւնքներուն:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ եգիպտացի պատասխանատուներուն մօտ ինք շօշափած է պատասխանատուութեան զգացում մը, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն մը` տիրող ներկայ կացութեան վերաբերեալ:
Ժեմայէլ աւելցուց, որ եգիպտացի պատասխանատուները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն սրբագրելու համար երկրին մէջ տիրող կացութիւնը եւ օրինականութեան ճամբով կը փորձեն փարատել վտանգները:
Ան նկատել տուաւ, որ ինք առաջարկած է ծրագիր մը, որ կարելի է որդեգրել յեղափոխութիւններ ապրող արաբական երկիրներուն մէջ:
«Մենք կը մերժենք, որ Եգիպտոսի կամ արաբական որեւէ այլ երկրի մը մէջ քրիստոնեաները ՝՝ըլլան՝՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ տագնապին գինը վճարող կողմերը: Արեւելքի քրիստոնեաները այս կամ այն կողմին զոհերը պէտք չէ դառնան, եւ ժամանակն է այլեւս, որ անոնց գոյութիւնը կարելի ըլլայ ապահովել քաղաքացիական նոր օրէնքով մը, որ քրիստոնեայ եւ այլ քաղաքացիներուն միջեւ հաւասարութիւնը կ՛ամրապնդէ, առանց խտրականութեան», շեշտեց Ժեմայէլ:
Ժեմայէլ ընդգծեց, որ ժողովուրդները պահպանելու համար կարելի չէ բռնատիրութիւններուն ապաւինիլ, այլ` հարկ է հիմնուիլ օրէնքի եւ սահմանադրութեան վրայ:
«Լիբանանի եւ Արեւելքի քրիստոնեաները չեն ընդունիր մեկուսանալ կամ ջնջուիլ, այլ` անոնք կը մնան ազգային գոյակցութեան պաշտպան եւ շրջանին մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունեցող քաղաքացիներ», եզրափակեց Ժեմայէլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.