2011-10-21 12:57:57

Ազատ Առեւտուրի Գօտի ԱՊՀ-ի Ութը Երկիրներու Միջեւ։


Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին անցեալ երեքշաբթի օր Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած երկարատեւ հանդիպումէն ետք ուշ գիշերին յայտարարեց, որ շուրջ երկու տասնամեակ շարունակուած բանակցութիւններէն ետք, ԱՊՀ-ի ութ երկիրներու (որոնց շարքին Հայաստանի վարչապետը) համաձայնեցան համաձայնագիր կնքել` ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու շուրջ:
Ըստ Փութինի, այս արդիւնքը բաւական անսպասելի էր բոլորին համար:
Փութին նշեց, որ ԱՊՀ-ի պետութիւններէն երեքը` Ուզպեքիստան, ինչպէս նաեւ քարիւղի եւ կազի հարուստ պաշարներ ունեցող Ազրպէյճան եւ Թուրքմենիստան մերժեցին ստորագրել փաստաթուղթը, սակայն խոստացան յառաջիկային զայն ուսումնասիրել:
Ան ընդգծեց, որ համաձայնութիւնը անդամ պետութիւններուն կարելիութիւն պիտի տայ աւելի ամրապնդելու տնտեսական համագործակցութիւնը յետ-խորհրդային տարածքին մէջ:
«Մենք փոխադարձաբար իրարու առջեւ կը բանանք մեր շուկաները, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ապրանքները մեր շուկաները պիտի մտնեն ցած գիներով` ստեղծելով աւելի լաւ պայմաններ նոր միացեալ ձեռնարկութիւններ հիմնելու համար», ըսաւ Ռուսիոյ վարչապետը:
Անդրադառնալով այս փաստին` Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան յայտարարեց, որ խոստմնալից այս գաղափարին մասին ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւնները յայտարարած էին տակաւին 1994-ին, սակայն 15 տարիէ աւելի ոչ մէկ ձեւով կրցան համաձայնութեան գալ այդ համաձայնագիրի պայմաններուն եւ դրութիւներուն շուրջ:

Ան յայտնեց, որ երեքշաբթի օրը պատմական է , որովհետեւ այս փաստաթուղթին վրայ 20 տարի աշխատած էին: Ան աւելցուց, որ այս տարի կը լրանայ ԱՊՀ-ի հիմնադրութեան 20-ամեակը եւ իրեն կը թուի, թէ այս նշանակալի օրը կը հաստատէ, որ ԱՊՀ ճիշդ ուղղութեամբ կը շարժի:








All the contents on this site are copyrighted ©.