2011-10-20 12:29:59

Միջկրօնական Երրորդ Հանդիպում Աշխարհի Խաղաղութեան Էամար։ Շուրջ 300 Կրօնապետեր Եւ Ոչ-Հաւատացեալներ Ասիզի Պիտի Գտնուին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Հետ։


27 հոկտեմբերին Իտալիոյ Ասիզի քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ աղօթքի ու երկխօսութեան միջկրօնական երրորդ հանդիպումը աշխարհի խաղաղութեան համար։ Զանազան կրօներու պատգան շուրջ 300 կրօնապետեր եւ 4 ոչ հաւատացեալներ Ասիզի միատեղ պիտի գտնուին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի շուրջ միասնաբար խորհրդակցելու եւ ոչ ըսելու` կրօնի ամէն տեսակ չարաշահութեան, հաստատած է կարտինալ Թիւրքսոն` նախագահը արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին։ կարտինալ Թիւրքսոնի համար այս նոր հանդիպումը ս. ֆրանչիսքոսի քաղաքին մէջ հրաւէր մըն է ''ճշմարտութեան փնտռտուքի''։ Այս նախաձեռնութիւնը ''պայման մըն է նուաճելու մոլեռանդութիւնը եւ ծայռայեղութիւնը, որոնց համար` խաղաղութեան տիրանալու համար պէտք է ուրիշներուն պարտադրել սեփական համաոզումները''։
Նշենք, որ 2011-ի Միջկրօնական երրորդ հանդիպումին, նախատեսուած չէ միատեղ հասարակաց աղօթք մը կատարել, այլ որոնել եղանակը միասնաբար ընթանալու խաղաղութեան ճանաբարհին վրայ։ Կէսօրուան մօտ մասնակցողները պիտի հրաւիրուին պահ մը լռութիւն պահել։ Հասարակաց ճշմարիտ աղօթքը տեղի պիտի ունենայ նախօրեակը` չորեքշաբթի 26 հոկտեմբերին, կաթողիկէ հաւատացեալներու միջեւ, մատնանշեց կարտինալ Թիւրքսոն։ Այդ օրը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Վատիկանի մէջ պիտի գլխաւորէ ժամասացութիւնը ի պատրաստութիւն միջկրօնական հանդիպումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.