Լոս Անճըլըսի Մէջ Քաղաքապետ Անթոնիօ Վիլլառաիկոզայի Սարքած Ընդունելութիւնը, Ի Պատիւ
Արամ Ա.Կաթողիկոսին։
Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիլլառայիկոզայի նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, ի պատիւ
Արամ Ա. կաթողիկոսին տեղի ունեցած ընթրիքի ընդունելութիւնը վերածուած է Միջին Արեւելքի
երեք կրօններու ներկայացուցիչներուն միջեւ ուշագրաւ հանդիպումի ու խորհրդակցութեան առիթի,
որ ընդգրկած է անմիջականօրէն հայութիւնը եւ ընդհանրապէս Լոս Անճելըսի ընկերութիւնն ու
միջին-արեւելեան իրադարձութիւնները: Վեհափառին հովուապետական այցելութեան առիթով`
Լոս Անճելըսի քաղաքապետը իր բնակարանին` «Կեթթի Հաուզ»ի մէջ ընթրիք մը սարքած էր երկուշաբթի,
17 հոկտեմբերի երեկոյեան: Վեհափառին եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողքին հրաւիրուած էին
քրիստոնեայ, իսլամ եւ հրեայ համայնքներու կրօնական առաջնորդներ ու ներկայացուցիչներ,
ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի ժողովականութեան անդամներ ու բարերարներ: Քաղաքապետ
Վիլլառաիկոզայ նախ առանձնացաւ Վեհափառին ու առաջնորդ Սրբազանին հետ` առանձին հանդիպումի
մը համար: Անոնք ապա միացան ընթրիքի հիւրերուն։ Տարբեր կրօններու եւ համայնքներու ներկայացուցիչները
մէկ սեղանի շուրջ համախմբող երեկոն վերածուեցաւ հետաքրքրական զրոյցի, ձեւով մը` միջկրօնական
երկխօսութեան, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հիւրընկալը: Սրտի խօսք մը արտասանելով`
հիւրընկալ քաղաքապետը Վիլլառաիկոզայ դրուատիքով խօսեցաւ Վեհափառին, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի
զարգացման մէջ հայութեան ներդրումին մասին: