2011-10-20 13:56:15

Աշխարհահռչակ Առեւտրագէտը Երեւանի Մէջ Տարածաշրջանային Կեդրոն Կը Հիմնէ։


Աշխարհահռչակ առեւտրագէտ, փրոֆէսըր Ֆիլիփ Գոթլըրի,յառաջիկայ Նոյեմբերին Հայաստան կատարելիք այցի ծիրէն ներս՝ Երեւանի մէջ պիտի բացուի Philip Kotler Excellence Center առեւտրական տարածաշրջանային կեդրոնը: Այս մասին Զբօսաշրջութեան Հայկական Ուսումնարանին մէջ իրականացած հանդիպում-քննարկման ընթացքին՝ յայտնած է առեւտուրի հայկական ընկերակցութեան կողմէ նախաձեռնուած “Ֆիլիփ Գոթլըր՝ Հայաստանի մէջ 11.11.11” ծրագիրի ղեկավար Արմէն Սարգսեան:
Արմէն Սարգսեանի խօսքով` Գոթլըրի այցի ծիրէն ներս՝ Նոյեմբեր 11-17 պիտի իրականանայ առեւտուրի շաբաթ, որուն պիտի մասնակցին մասնագէտներ 15 երկիրներէ (Թուրքիա, Միջին Արեւելք, Մերձաւոր Արեւելք եւ ԱՊՀ երկիրներ):

Նոյեմբեր 14ին եւ 15ին ան դասախօսութիւններ պիտի տայ ուսանողներու եւ ձեռնարկութիւններու ղեկավարներու եւ կազմակերպիչներու համար, իսկ Նոյեմբեր 16-ին պիտի մասնակցի առեւտուրի ցուցահանդէսին եւ համաժողովին:
Ըստ Սարգսեանի` դասախօսութիւններու մասնակցութեան համար կ’իրականանայ յատուկ մրցոյթ` առանց տարիքային սահմանափակումներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.